«Նաւասարդ»՝ Հայ-իրանական Փառատօնը Սիւնիքի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Օգոստոս 10-11 ՀՀ Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նաւասարդ» խորագիրով հայ-իրանական մշակութային, խոհանոցային փառատօն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Փառատօնը կը նախատեսուի իրականացնել երկու օր: Առաջին օրուան ընթացքին փառատօնի մասնակից հայկական եւ իրանական խումբերը տաղաւարներու մէջ պիտի պատրաստեն եւ ներկայացնեն իրենց խոհանոցի բազմազանութիւնն ու պատմութիւնը՝ սկսեալ Ուրարատա-Աքեմենեան ժամանակաշրջանէն։

Մշակութային եւ երաժշտական գօտիներու մէջ պիտի ներկայացուի երգ, պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործեր, ահեստագործական արտադրանք։ Մինչ փառատօնի վերոնշեալ հիմանական մասը, պիտի կազմակերպուի մրցոյթ՝ մասնակից խումբերուն միջեւ տարբեր անուանակարգերով, իսկ փառատօնի աւարտին պիտի կատարուի մրցանակներու շնորհման արարողութիւն։

Օգոստոս 11- ին, ժամը 03:00-05:00, կը նախատեսուի այցելութիւն «Զօրաց Քարեր բնակատեղի» պատմամշակութային արգելոց՝ աստղային դիտման նպատակով, ուր լարային քառեակը պիտի ներկայացնէ նաեւ հայ դասական երաժշտութիւն։ Ժամը 04:00-ին Հայկ համաստեղութեան ծագման պահուն ջութակով պիտի հնչէ Կոմիտասի Կռունկը։

Փառատօնը կը կազմակերպեն Տուրիզմի Հայկական ֆեդերացիան եւ «Հայ Խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» ՀԿ-ն՝ ՀՀ ԷՆ զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ, ՀՀ Սիւնիքի մարզպետարանի, Սիսիանի համայնքապետարանի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակութային ժառանգութեան, ձեռնարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանատան Մշակոյթի կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։