Ռուսիոյ ՊՆ-ն Կը Հաստատէ. Ազրպէյճանը Խախտած է Հրադադարը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսական զինուած ուժերը կը յայտնեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը լարուած է։

«Կը նշուի իրավիճակի սրում զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին վրայ: Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Սարիպապա բարձունքի տարածքին խախտած են հրադադարը»,- կը նշուի Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագիրին մէջ։

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը, ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ միասին, կը ձեռնարկեն միջոցներ՝ իրավիճակի կայունացման համար։

Կը նշուի, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ ստորաբաժանումները պարեկային ծառայութիւն կ՝իրականացնեն Մարտակերտի եւ Մարտունիի ուղղութեամբ։

«Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբերուն հետ կ՝ապահովուի շարունակական փոխգործակցութիւնը»,- կ՝ըսուի տեղեկագիրով։