
ԵԱՀԿ-ը Երեւանին եւ Պաքուին Կոչ Կ՝ընէ Անհրաժեշտ Միջոցներ Ձեռնարկելու Իրավիճակի Կայունացման Համար
ԵԱՀԿ-ը Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ըրած է անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու իրավիճակի կայունացման համար։
ԵԱՀԿ-ի մէջ Լեհաստանի նախագահութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ։
«Մենք չափազանց մտահոգուած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ զինուած միջադէպերու եւ զոհերու մասին հաղորդագրութիւններուն վերաբերեալ։ Մենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՝ընենք անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու իրավիճակի կայունացման համար։ Մենք նախկինի նման կ՝աջակցինք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած բոլոր ջանքերուն»,-նշուած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Լեհաստանի նախագահութեան Twitter-ի էջին վրայ։