Կը Դատապարտենք ՀՀ Իշխանութիւններուն Կողմէ Ազգային Պառակտումի Եւ Հայրենազրկումի Որդեդրած Քաղաքականութիւնը. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, երբ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը առաւել քան երբեւէ կանգնած են համախմբուելու եւ մեր պետականութեան ու Հայրենիքին նետուած օրհասական, անվտանգային եւ գոյութենական սպառնալիքները համահայկական ներուժով կանխելու մարտահրաւէրի առջեւ, ապազգային իշխանութիւնները կը շարունակեն ներազգային պառակտումը խորացնելու եւ ազգային դիմադրողականութիւնը գիտակցուած եւ ծրագրաւորուած տկարացնելու աղէտաբեր քաղաքականութիւնը։

Թիրախը Դաշնակցութեան համազգային կառոյցն է, Հայոց պետականութեան հիմնադիր քաղաքական ուժը, որուն պատմութեան իւրաքանչիւր էջը հայ ժողովուրդին եւ մեր ազգային իտէալներուն ծառայութեան եւ նուիրումի պատմութիւն է։

Ապազգային եւ օտարածին օրակարգերով առաջնորդուող, մեր հաւաքական շահերն ու Հայոց պետականութեան ապագան հարցականի տակ դնող իշխանութիւնները կանգ չեն առներ անգամ քաղաքականօրէն կարճամիտ եւ ապօրինի գործողութիւններու առջեւ։

Քաղաքական բռնաճնշումներու, ազգային գաղափարախօսութեան, ազգային արժէքներու եւ հիմնարկներու, բարոյական քոտերու դէմ վարչախումբի պայքարը շատոնց հատած է բոլոր կարմիր գիծերը։

Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին ՀՀ մուտք գործելու իրաւունքէն զրկուած եւ անցանկալի անձեր յայտարարուած են ՀՅԴ երեք ներկայացուցիչներ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող Մուրատ Փափազեանը, ՀՅԴ Նիտըռլէնտներու Հայ Դատի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանը եւ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքական հաշուեյարդարի, ազգային պառակտումի եւ հայրենազրկումի որդեդրած քաղաքականութիւնը, զայն կը դիտարկէ օրուան իշխանութիւններուն՝ օտար օրակարգերն ու շահերը անվերապահ սպասարկելու հերթական դրսեւորում։ Միաժամանակ, ամենայն վստահութեամբ, կը յայտարարենք, որ այսպիսի դրեւորումները դատապարտուած են ձախողման, իսկ ՀՅԴ-ն պիտի չի նախանջէ իր սկզբունքներէն եւ քաղաքական հաւատամքէն, պիտի ընենք հնարաւորը, որ երկրին մէջ հաստատուի Հայոց պետականութեան ու համազգային շահերուն ծառայող իշխանութիւն։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

1․08․2022