
Փաշինեանը Երկիրը Նեղ Անձնական Շահերու Սպասարկման Հարթակ Դարձուցած է. ՀՅԴ ՀԳՄ Հայրենադարձներու Յանձնախումբ
Հայաստանը վերածելով նեղ անձնական եւ խմբակային շահերու սպասարկման հարթակի՝ Փաշինեանի խմբակը քանի մը օրուան մէջ արդէն երրորդ սփիւռքահայ գործիչին կ՝արգիլէ ժամանել հայրենիք: Պատճառը ոչ միայն անհիմն է, այլեւ զաւեշտալի: Եթէ առաջնորդուինք Փաշինեանի հայրենադաւ խմբակի տրամաբանութեամբ, կը պարզուի, որ ինչպէս Փաշինեանի հայրենակործան քաղաքականութեան դէմ ելած պատուախնդիր սփիւռքահայերը իրաւունք չունին հայրենիք ժամանելու, այնպէս ալ ՀՀ-ի մէջ ապրող եւ նոյն իշխանութեան դէմ դուրս եկածները իրաւունք չունին ապրելու Հայաստանի մէջ: Այսինքն, ըստ այս տրամաբանութեան, ՀՀ-ն կը պատկանի միայն, այսպէս կոչուած, նիկոլականներուն կամ անոնց, որոնք հաւատարիմ են Փաշինեանի արկածախնդիր ու հայրենակործան քաղաքականութեան հետ:
Փաստենք՝ վերոնշեալը ոչ այնքան բռնատիրութեան, որքան խուժանապետութեան, լակոտակրատիայի դասական օրինակ է, ուր ամէն ինչ կ՝որոշուի մէկ անձի կամ խմբակի քմահաճոյքներով: Կը ցաւինք նաեւ, որ երկրի իրաւապահ համակարգը, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մարմինները այդպէս հլու-հնազանդ կը կատարեն այդ մէկ անձի խելացնոր որոշումները՝ բոլորովին հաշուի չառնելով այդ երեւոյթի ողբերգական հետեւանքները հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդի՝ իբրեւ հաւաքական ամբողջութեան, գոյութեան վրայ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Օգոստոս 3-ին, ժամը 11-ին բոլորդ կը հրաւիրենք մասնակցնելու ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի դիմաց տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Հայրենադարձներու յանձնախումբ