
Ռոզի Արմէն. Երգչուհի
Ռոզի Արմէն ծնած է Փարիզ։ Անոր արուեստին մէջ գեղեցիկ կերպով միաւորուած են ֆրանսական նրբագեղութիւնն ու ծնողներէն եկած արեւային Հայաստանի խառնուածքը։
«Որքան ալ ես հեռու եղած եմ Հայաստանէն, հայրենիքէս՝ ֆիզիքապէս, սակայն հոգիով միշտ անոր հետ ուրախացած եմ եւ կ՝ուրախանամ անոր աջողութիւններով, կը հպարտանամ, որ իմ հայրենիքը օրէ օր կը ծաղկի»,- կ՝ըսէ երգչուհին:
Նախիջեւան ծնած Խուրշուդ Յովհաննիսեանը եւ Անգարայի արուարձաններէն մէկուն մէջ ծնած Նուարդ Ալոզեանը, Մեծ Եղեռնէն ետք՝ 1920-ական թուականներուն կը գաղթեն Փարիզ ու հանդիպելով՝ ընտանիք կը կազմեն: Ռոզիի ծնողները կը փափաքէին, որ իրենց դուստրը բժիշկի մասնագիտութիւն ընտրէ, սակայն 4-ամեայ Ռոզին սկսաւ երգել ու սէրը դէպի երաժշտութիւն՝ յաղթանակեց:
Ռոզի Յովհաննիսեանը վերջնականապէս ընտրեց երգի ուղին՝ կնքելով իրեն Ռոզի Արմէն:
Ինչպէս Փարիզի բոլոր յայտնի երգիչները, Ռոզի Արմէն եւս իր ասպարէզը սկսած է սրճարանի մէջ երգելով։ Ատոր յաջորդած են երաժշտանոցի մէջ ուսուցումը, ինչպէս նաեւ՝ առաջին սիրողական համերգները։
Յաջողութիւնը անոր այցելած է 1962-ին, երբ թողարկուած է իր առաջին ալպոմը։ Իր առաջին համերգը տեղի ունեցած է փարիզեան Music hall-ի մէջ, որուն յաջորդած են շրջագայութիւնները Պելճիքա, Գերմանիա, Իրան, Լիբանան, Թուրքիա, ԱՄՆ, ԽՍՀՄ։
Անոր ստեղծագործական ասպարէզին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է մոսկովեան շրջագայութիւնը։ Հայ ռատիոլսող մը, գիտնալով, որ ֆրանսերէն երգող երգչուհին հայկական արմատներ ունի, սովետական իշխանութեան կը դիմէ երգչուհիի հարցով եւ շուտով Ռոզին Երեւան կը հրաւիրուի 12 համերգներով հանդէս գալու նպատակով։
Ֆրանսայի մէջ երգչուհին համերգներ ունեցած է լաւագոյն երաժշտական թատրոններու մէջ, որոնցմէ է L’Olympia-ը։ Երգած է Նիւ Եորքի Գարնեկի Հոլլի, Լոս Անճելըսի երաժշտական կեդրոնի, Մոնթրէալի Արուեստի Թատրոնի մէջ եւ այլ հանրածանօթ բեմերու վրայ։