CNN-ը Հայաստանը Ներառած է Աշխարհի Լաւագոյն Արշաւային Ուղղութիւններուն Մէջ
Ամերիկեան հեղինակաւոր CNN-ը իր ճանապարհորդական շարքին ծիրէն ներս առանձնացուցած է աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններէն՝ արահետներէն 23-ը՝ ներառելով նաեւ Հայաստանը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանին վերաբերող հատուածը վերնագրուած է՝ «Հայաստանը եւ Մետաքսի ճանապարհը»:
Ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ են Եւրոպայի լաւագոյն արահետներէն քանի մը հատը:
«Հայաստանն ու Մետաքսի ճանապարհը» 11-օրեայ ճանապարհորդութիւնը կ՝անցնի լաւագոյն երթուղիներով՝ միացնելով UNESCO-ի պահպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղպատ վանքերը, անցնելով կրաքարային լեռնագագաթներով եւ սաղարթախիտ անտառներով՝ Գեղամայ վայրի լեռներուն մէջ՝ քայլարշաւի, եւ երկրի ամենաբարձր լեռը՝ Արագածի գագաթը բարձրանալու հնարաւորութեամբ»,- նշուած է յօդուածին մէջ։
