ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլէայի Ղեկավարը Թուրքիոյ Վրդովմունքէն Ետք Ծիծեռնակաբերդ Այցելելու Մասին Tweet-ը Ջնջած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի նախագահ Ապտուլլահ Շահիտը Թուրքիոյ վրդովմունքէն ետք ջնջած է իր Ծիծեռնակաբերդ այցի մասին Tweet-ը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը արձագանգած է. «Ամօթ Ապտուլլահ Շահիտին, որ ջնջած է իր Tweet-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան մասին: Ցաւալի է տեսնել, որ Շահիտը հրապարակայնօրէն կ՝ենթարկուի Թուրքիոյի արգելքին (veto)՝ ընդդէմ ՄԱԿ-ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը անկեղծ պահպանելու, որ յանցագործութիւն է` համաձայն Ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին պայմանագիրին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ընդգծուած է, որ Շահիտ կը վարկաբեկէ ՄԱԿ-ը եւ անոր անդամ երկիրները։ Ան կը խաթարէ հաւատը Պայմանագրի նկատմամբ, երբ կ՝արտօնէ Թուրքիոյ՝ հրապարակային ցուցադրել, թէ ինչպէս կը լռեցնեն համաշխարհային առաջնորդը:

Նախապէս Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն քննադատած էր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 76-րդ նստաշրջանի նախագահ Ապտուլլահ Շահիտը՝ Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելուն համար։