Իրանը Դէմ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Իրանի ու Հայաստանի Սահմանի Արգելափակման Քաղաքականութեան
Իրանը դէմ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութեան։ Այս մասին, ըստ իրանական ISNA լրատուական գործակալութեան, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնէին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին։
«Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ՝ Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ է նման որոշման, քանի որ այդ սահմանը հազարաւոր տարիներու հաղորդակցուղի է»,- յայտարարած է Իրանի հոգեւոր առաջնորդը։
Խամէնէին նաեւ տարածաշրջանին մէջ Իրանի եւ Թուրքիոյ համընդհանուր համագործակցութեան զարգացումը համարած է շահաւէտ՝ նշելով, որ Իրանն ու Թուրքիան դժուար ժամանակներու բարեկամներ են:
Կողմերը նաեւ խօսած են սուրիական հարցին մասին, անդրադարձած Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ մէջ սպասուելիք ռազմական գործողութեան։ Խամէնէին նշած է, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը շատ կարեւոր է:
