Խստիւ Կը Դատապարտենք Մուրատ Փափազեանի Հանդէպ Կիրառուած Ապօրինի Քայլը. ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի ապազգային իշխանութիւններու՝ սահմաններ չճանչցող անհանդուրժողականութիւնը կը ստանայ նորանոր դրսեւորումներ։ Այս գիշեր, առանց բացատրութեան ու հիմնաւորման, արգիլուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնների համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան։

Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի համար տասնամեակներ պայքարած ազգային գործիչին նկատմամբ նման վերաբերմունքը ուրիշ բան չէ, քան քինախնդիր, փոքրոգի քայլ եւ թշնամիին հաճոյանալու պարզունակ դրսեւորում։

Համոզուած ենք, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային տօնի՝ Պասդիլի գրաւման օրը, Ֆրանսայի մէջ ճանչցուած եւ յարգուած հայ քաղաքացիի՝ ազատ տեղաշարժելու իրաւունքի կոպիտ ոտնահարումը պատշաճ գնահատական կը ստանայ նաեւ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ։

Ցաւալիօրէն յատկանշական է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ անցանկալի անձ յայտարարուած Մուրատ Փափազեանը հիմա արդէն անցանկալի անձ է փաշինեանական իշխանութիւններուն համար։ Ազգային գործիչները թիրախաւորելու եւ սփիւռքահայերը Հայաստանէն օտարելու փաշինեանական ծանօթ ձեռագիրն է։ Ասիկա հարուած է համահայկականութեան գաղափարի իրականացման ճիգին, ժողովրդավարութեան լուրջ նահանջ է Հայաստանի մէջ եւ բռնապետութեան հաստատման ակնյայտ դրսեւորում։

Խստիւ կը դատապարտենք Մուրատ Փափազյանի հանդէպ կիրառուած ապօրինի քայլը, որ առանց պատշաճ բացատրութեան եւ վերանայման չի կրնար մնալ։

Դաշնակցականներու նկատմամբ սանձազերծուած հալածանքներու նորօրեայ դրսեւորումները՝ ձերբակալութիւնները, կալանաւորումները, պաշտօնազրկումները, տարատեսակ ապօրինութիւնները, ըստ էութեան, կը քօղազերծեն հայութեան դէմ ուղղուած ազգադաւ ծրագրերը։ Անոնք որեւէ կերպ չեն կրնար ետ պահել մեզի պայքարի մեր ուղիէն։

Թուրք-ազրպէյճանական տանդէմի շահերը սպասարկող փաշինեանական վարչախումբը, ի վերջոյ, պիտի ինքնաբացայայտուի եւ գտնէ իր վախճանը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

14 Յուլիս, 2022 թ.