Ապազգային Գաղափարախօսութեան Հակապետական Տրամաբանութիւնը. Կարէն Խանլարեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՔՊ-ական պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեան, 2022թ․ Յուլիս 1-ի հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտարարեց հետեւեալը,- ««Եթէ Ազրպէյճանը կը պահանջէ, որ հողերը իրն է, չենք կրնար ըսել քուկդ չէ, չենք կրնար ատիկա ըսել, որովհետեւ եթէ ինքը զօրքով մտաւ, ոչ ոք կը կանգնեցնէ»։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Իրանի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր Կարղն Խանլարեան:
Ապազգային գաղափարապօսութենէն բխած սոյն տրամաբանութեամբ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները անկարող են արժանի պատասխան տալու՝ «Ազրպէյճան»-ի ծաւալապաշտական նկրտումներուն։ «Ազրպէյճան»-ը կ՝ըսէ, ոչ միայն Ստեփանակերտը Մարտունին, Ասկերանն ու Մարտակերտը իրն է, այլ նաեւ՝ Վարդենիսը, Սիւնիքը, Սեւանը եւ նոյնիսկ Երեւանը․․․ Եւ ՀՀ իշխանութիւնները չեն կրնար անոր ըսել «ՈՉ՝ ՔՈՒԿԴ ՉԷ՛»։ Չեն կրնար, որովհետեւ եթէ զօրքով գայ․․․ եւ այլն եւ այլն։ Ո՞ւր մնաց ՀՀ Զինուած ուժերու «սահմանադրական առաքելութիւնը»․ «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու սահմանադրական առաքելութիւնն է ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը» (Ծրագիր Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան – 2021-2026թթ․, հաստատուած, 2021թ․ Օգոստոս, էջ 15-16)։
ՀՀ քաղաքացին ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ սոյն խեղկատակութիւնը։
Ի դէպ Վիգէն Խաչատրեանի այս անհեթեթ, հակապետական տրամաբանութիւնը, ցարդ ոչ մէկ պետական այր, ոչ մէկ ՔՊ-ական ժխտած է եւ նոյնիսկ՝ քննարկած։ Նոյնիսկ մէկ հոգի ատիկա դեռ չէ ալ համարած՝ «համաթեքսթէն կտրուած եւ մանիփուլիատիւ կերպով աղաւաղուած» ասոյթ․․․»:
