Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Օրհնած է «ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-Սփիւռք Կամուրջ» Համահայկական Ուխտագնացութեան Մասնակիցները

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 8-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց «ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» համահայկական ուխտագնացութեան մասնակիցներուն` կազմակերպուած Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակին կողմէ:

Յուլիս 6-10 իրականացուելիք համահայկական ուխտագնացութեան կը մասնակցին շուրջ 200 եկեղեցասէր երիտասարդներ՝ Նուիրապետական Աթոռներէ, Հայրապետական պատուիրակութիւններէ, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր թեմերէ։

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ուխտաւոր հայորդիներուն բարեմաղթեց  Աստուծոյ զօրակցութիւնը՝  անձնական եւ համայնքային կեանքի մէջ նոր ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար, որոնց արգասիքները պիտի ծառայեցնեն հայրենիքին եւ Սուրբ Եկեղեցիին:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատասխանեց երիտասարդները յուզող հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իրենց ներգրաւուածութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման:

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն: