«Մանկութեան Երանգներ» Խորագիրով Ցուցահանդէս Արցախի Մէջ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ կեանքի կոչուած «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերուն ծիրէն ներս՝ Ստեփանակերտի Պոլ Էլիւարի տուն Ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ կայացաւ «Մանկութեան երանգներ» փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նկարչութեան խումբի մանուկներուն աշխատանքները։

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով բացուեցաւ ցուցահանդէսը։

Հ. Աւագեան նշեց, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, այնպէս ալ պատերազմէն ետք կատարուած ստեղծագործութիւնները։

Ցուցահանդեսին ներկայացուած էին նաեւ Համազգայինի կողմէ Աշան եւ Մաճկալաշէն գիւղերուն մէջ կեանքի կոչուած «Հմուտ ձեռքեր» խմբակներու մանուկներուն աշխատանքները։

Ելոյթներ ունեցան Համազգայինի Ստեփանակերտի նկարչութեան խմբակի ուսուցչուհի Գեղանուշ Սարգսեանը, Աշան եւ Մաճկալաշէն գիւղերու «Հմուտ ձեռքեր» խմբակներու ուսուցիչներ Սօսէ Քոչարեանն ու Կարինէ Սարգսեանը, ծնող Մարինէ Սարգսեանը, ներկայ հիւրերէն՝ գրականագէտ Արմէն Աւանէսեանը։

Hamazgayin Artsakh office

Hamazkayin Central

#Ապրելուձայնը

Լուսանկարները՝ Տիրուհի Գասպարեանի