Ս. Հ. Թեմի Պատգ. Ժողովը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մէջ Ոտքի Ելած Հայորդիններուն
Սպահանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովը, գումարեալ 23- 5 2022 թուին, իր խիստ մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ացախի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, ինչպիսիք են Ազրպէյճանի իշխանութիւններու թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ, պարբերական ոտնձգութիւնները Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն, հակառակ միջազգային օրէնքներուն, կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիները, հայկական գրաւեալ տարածքներու մէջ թիրախ կը դարձնէ հայ բնակչութիւնը եւ կ՝ոչնչացնէ ու կ՝իւրացնէ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնները, կը շարունակէ իր հայատեացութեան քարոզչութիւնը, հակառակ եռակողմ յայտարարութեան, ապօրինաբար գրաւեալ կը պահէ Հայաստանի շարք մը գիւղեր, տարածքներ ու ճանապարհներ եւ Արցախի 75 տոկոսը ու այդ բոլորի նկատմամբ ՀՀ իշխանութեան ցուցաբերած լուռ մեղսակցութիւնն ու զիջողական կեցուածքը, պատճառ դարձած են ներհամայնքային լայնածաւալ դժգոհութիւններու եւ համաժողովրդական ընդվզումի ու բողոքի խաղաղ հանրահաւաքներու որոնց նկատմամբ եւս իշխանական ոստիկանութիւնը կը կատարէ բռնութիւն եւ անհամաչափ ուժի կիրառում։
Առ այդ
Ս.Հ. Թեմի Պատգ. Ժողովը իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնէ, Հայաստանի եւ Արցախի ընդհանրական շահերու պաշտպանութեան համար, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ոտքի ելած մեր հայորդիններուն՝ մաղթելով ամենայն յաջողութիւն:
ՍՊԱՀԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՊԱԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ
Նոր- Ջուղա Սպահան
23-5-2022թ.
