Ներազգային Պառակտման ու Ատելութեան Խօսքի Ցանկացած Դրսեւորում Դատապարտելի է եւ Պէտք է Արժանանայ Համարժէք Գնահատականի. ԱՀ եւ ՀՀ ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու համատեղ յայտարարութիւնը
Մեր երկու հաստատութիւններու համատեղ մշտադիտարկումը կը վկայէ, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներու ծիրէն ներս լայն տարածում ստացած է Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն միջեւ արհեստականօրէն բաժանման ու հակադրման տրամադրութիւններ ստեղծելու եւ խթանելու դատապարտելի երեւույթը։ Ի դէպ, նման երեւոյթները, առաւելապէս դրսեւորուելով հայաստանեան հանրային տիրոյթին մէջ, իրենց դրսեւորումները կը գտնեն նաեւ Արցախի մէջ։ Իրենց տարբեր քաղաքական շահեր սպասարկելու համար քաղաքական դերակատարներու կողմէ մեր հայրենակիցներու արցախցի ըլլալու հանգամանքի միտումնաւոր օգտագործումը բեւեռացուած հանրային խօսոյթին մէջ «առիթ» կը ստեղծէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն հանդէպ վիրաւորանքներու, անընդունելի բառապաշարի եւ ատելութեան խօսքի տարածման համար:
Խստօրէն կը դատապարտենք նման վնասակար, անհեռատես ու ծայրայեղ վտանգաւոր բաժանարար գիծերու ստեղծման միտուած կամ որեւէ կերպով անոր նպաստող խօսակցութիւնները, գործողութիւններն ու անգործութիւնը՝ այդ դրսեւորումներու դատապարտման առումով։
Մեր երկիրներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներով լի այս պատասխանատու ժամանակահատուածին յատկապէս կոչ կ՝ընենք Հայաստանի եւ Արցախի հանրային մեծ լսարան ունեցող բոլոր քաղաքական գործիչներուն ու հասարակական դերակատարներուն, անկախ քաղաքական նախընտրութիւններէն ու օրակարգերէն, սեփական օրինակով կանխելու եւ դատապարտելու «հայաստանցի» եւ «արցախցի», իր էութեամբ կեղծ ու ծայրայեղ վտանգաւոր բաժանումը։ Կը յորդորենք բոլոր քաղաքացիներուն՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, տուրք չտալ ու անհանդուրժող ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցները խումբերու բաժնելու եւ ներքին երկպառակտութիւն սերմանելու բոլոր գործողութիւններուն նկատմամբ։ Ատոնք կը ջլատեն մեր դիմադրողականութիւնը, կը քայքայեն հանրային ու համազգային համերաշխութիւնը։
Համազգային միասնութիւնն ու իմաստնութիւնը մեր պետութիւններուն առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներու լուծման կարեւորագոյն առհաւատչեաներէն են:
