«Մշակոյթը Հակամարտութեան Մէջ․ Հարաւային Կովկասը Այսօր» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով՝ Վիեննայի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 13-14, Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն Վիեննայի պատմական արուեստներու թանգարանին մէջ նախաձեռնեց «Մշակոյթը հակամարտութեան մէջ․ Հարաւային Կովկասը այսօր» խորագիրով միջազգային գիտաժողով-քննարկումը, որուն առանցքը Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ պահպանման հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցերն էին:

Գիտաժողովը բացուեցաւ Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէի ղեկավար դոկտոր Եասմին Դում-Թրագուտի խօսքով: Նորին Սրբութեան օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ  Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեան: Մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց նաեւ Աւտրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Պապիկեան:

Այնուհետեւ, զեկոյցներով հանդէս եկան ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ  Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան եւ Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն  Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան: 

Միջազգային եւ հայ բանախօսները ընդգծեցին, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ Նոյեմբեր 9-էն ի վեր Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուած են Ազրպէյճանի կողմէ հայ քրիստոնէական մշակոյթի ոչնչացման եւ աղճատման բազմաթիւ դէպքեր, որոնք կը վկայեն հայկական հոգեւոր ժառանգութեան հետքի վերացման ազրպէյճանական պետական քաղաքականութեան մասին: Ազրպէյճանական պետութեան այս յանցաւոր քաղաքականութեան վկայութիւնները ներկայացուեցան փաստագրական նիւթերու տեսքով` արբանեակային լուսանկարներ, տեսագրութիւններ եւ այլն: Այս ամէնը անհերքելի հիմք կու տայ պնդելու, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ կ՝իրականացուի համակարգային վանտալութիւն եւ միջազգայնօրէն պահանջելու այս յանցագործութիւններու դատապարտումն ու կանխարգելումը` ի պաշտպանութիւն Արցախի մէջ համաշխարհային մշակոյթի քրիստոնէական ժառանգութեան:

Բանախօսները ներկայացուցին միջազգային իրաւունքի գործիքակազմերու գործարկման միջոցով մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան օրինակելի ըլլալ Արցախի պարագային: Մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` 2021թ․ Դեկտեմբերին կայացուցած վճիռին, համաձայն որուն, Ազրպէյճանը կը պարտաւորուի հրաժարիլ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման իր քաղաքականութենէն:

Բանախօսներուն մէջ էին նաեւ Հայաստանէն ժամանած չորս մասնակից` «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ի փոխտնօրէն, ճարտարագէտ Րաֆֆի Քորթոշեան, «Մշակութային ժառանգութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Անի Աւագեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջազգային կապերու աւագ մասնագէտ Սոնա Բալոյեան եւ  վաւերագրող բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ «Մշակութային հակամարտութիւն» վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումով:

Գիտաժողովին ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանին մէջ պահուող` Արցախի մէջ տարբեր ժամանակներու մէջ ստեղծուած ձեռագիր ու տպագիր մատեաններու եւ ուշագրաւ այլ նիւթերու ցուցահանդէս:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԻ