Թոյլ Չտանք, որ Հայաստանի Մէջ Արմատներ Նետեն Բռնատիրութիւնն ու Հայատեացութիւնը. ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Գրասենեակ

Հայաստան, Սփիւռք

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ՝

Սիրելի հայրենակիցներ, բարեկամներ.

Ռուսիոյ հայութիւնը՝ աշխարհասփիւռ հայերու հետ միասին, կը շարունակէ կառչած մնալ իր արմատներուն, իր հայրենիքին, մայրենի հողի կանչին եւ աւանդոյթներուն։ Բազմահազար ռուսաստանաբնակ հայեր ամէն օր կ՝արթննան հայրենիքի կարօտով, անոր շէնացման օգնելու պատրաստակամութեամբ։ Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը կը վերապրին պատմութեան ամենաողբերգական օրերը՝ հայոց պետականութիւնը կործանման եզրին է, հայութիւնը բզկտուած ու անհամախումբ, պետական հիմնարկները կամ ի սպառ դադրած են գործելէ, կամ ալ հոգեւարքի մէջ են:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւնները շարունակաբար կ՝անտեսեն պետական եւ ազգային շահը, կ՝առաջնորդուին թշնամիներու ներկայացուցած օրակարգերով եւ յանձնարարականներով։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ աննախադէպ աճ արձանագրած են մարդոց իրաւունքներու ոտնահարումները, քաղաքական նկատառումներով կը շարունակուի սահմանափակուիլ մարդոց ազատութիւնը, անհիմն կալանաւորուած են տասնեակ հասարակական, քաղաքական եւ քաղաքացիական գործիչներ, Հայաստանի մէջ նոր թափ ստացած է պետական միջոցներու կասկածելի եւ ոչ թափանցիկ վատնումը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը հասկնալի չէ ոչ հասարակութեան, ոչ ալ միջազգային գործընկերներուն: Երկրին մէջ կը մոլեգնէ աղքատութիւնը, յուսահատութիւնն ու փոխադարձ անհանդուրժողականութիւնը։ Այս ամէնէն դժգոհ եւ արժանապատիւ փոփոխութիւն ակնկալող հայ հասարակութիւնը ՀՀ օրէնսդրութեան ծիրէն ներս կ՝իրականացնէ բողոքի խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցեր, որոնց վարչապետն ու պետական մեքենան կը հակազդեն բռնի եւ ապօրինի ձերբակալութիւններով, բռնաճնշումներով եւ սադրանքներով։

Կը պահանջենք Հայաստանի իշխանութիւններէն շարժիլ բացառապէս օրէնքներով, յարգել մարդոց ազատութիւններն ու իրաւունքները, զերծ մնալ հայ հասարակութեան հանդէպ բռնութիւններէն եւ ենիչերիներուն յատուկ դաժան ու անմարդկային վերաբերմունքէն։

Կոչ կ՝ընենք Ռուսիոյ բազմամիլիոն համայնքի կեանքն ու մշակութային ինքնավարութիւնը ապահովող բոլոր կազմակերպութիւններուն, մտաւորականներուն, գործարար շրջանակներուն եւ ոչ անտարբեր իւրաքանչիւր հայու՝ Միացէ՛ք այս պահանջին, թոյլ չտանք, որ Հայաստանի մէջ արմատներ նետեն բռնատիրութիւնն ու հայատեացութիւնը։ Կոչ կ՝ընենք մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ շահագրգիռ կազմակերպութիւններուն դատապարտելու խաղաղ ցուցարարներու հանդէպ պետական-ոստիկանական բռնութիւններն ու միջոցներ ձեռնարկելու Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ։

Յայտարարութեան միացած են՝

ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու Մարմին

ՀՄԸՄ Մոսկուայի մասնաճիւղ

Հայ Օգնութեան միութեան Ռուսաստանի կազմակերպութիւն

«Համազգային» համահայկական կրթամշակութային միութիւն