«Օրորայի Լուսաբացը» Վաւերագրական Շարժանկարի Համաշխարհային Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Ֆրանսայի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Օրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական ժապաւէնի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ հեղինակաւոր ANNECY փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ: «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Օրորայի Լուսաբացը» ժապաւէնը ընդգրկուած է մրցոյթի ծրագիրին մէջ:

«Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «Օրորայի Լուսաբացը», որուն բեմագիրը եւ գեղարուեստական ղեկավարը Իննա Սահակեանն է, այն բացառիկ ժապաւէններէն է, որ ամէնէն ժամանակակից շարժապատկերի լեզուով աշխարհին պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջին` Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւը կրող Օրորա Մարտիկանեանի հերոսական պատմութիւնը:

Ժապաւէնը արտադրած է «Պարս Մետիա» ընկերութիւնը: