Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Լրագրողներու Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերը

Հայաստան

Այսօր առաւօտեան սկսած ընդդիմութեան բողոքի, անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերու ծիրէն ներս իրաւապահ մարմիններու, ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները անհամաչափ եւ բռնի ուժ կիրառելով՝ խոչընդոտած են իրադարձութիւնները լուսաբանող բազմաթիւ լրագրողներու եւ օփերատորներու գործունէութիւնը՝ կոպտօրէն խախտելով անոնց իրաւունքները։ Այդ գործողութիւններուն կը մասնակցին՝ ինչպէս սովորական, այնպէս ալ՝ յատուկ նշանակութեան ջոկատի ոստիկանական ծառայողներ: Ցոյցի որոշ վայրեր խուժած են անհասկնալի սեւ դիմակներով կասկածելի անձեր: Յիշեցնենք, որ ոստիկանները, ըստ միջազգային կանոններու, պէտք է ըլլան համազգեստով՝ յստակ տեսանելի անհատականացնող տուեալներով՝ առնուազն անունը եւ ազգանունը պարտադիր նշելով: Քաղաքացին պէտք է կարենայ ճանչնալ կամ նոյնականացնել իրեն մօտեցած կամ իրեն բերման ենթարկող Ոստիկանութեան ծառայողը: Նշեալ կանոները անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերու ընթացքին քաղաքացիներու եւ ոստիկանութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ շատ յաճախ չեն պահպանուիր, կ՝ոտնահարուին: Այսօր, Բաղրամեան-Պռօշեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ mediahub.am-ի եւ այլ լրագրողներու նկատմամբ բիրտ ուժ կիրառած է Պետական պահպանութեան ծառայութեան՝ ՊՊԾ պետ Սարգիս Յովհաննիսեանը՝ հարուածելով իրեն հարց ուղղող լրագրողին եւ անոր նկարահանող օփերատորին, նաեւ՝ վնաս պատճառելով վերջինիս տեսախցիկին։ Քաղաքացիներու հետ այլ բախման մը ընթացքին գիտակցութիւնը կորսնցուցած եւ ուշագնաց եղած է Yerkir.am-ի լրագրող Լիա Սարգսեանը: Անոր օգնութիւն ցուցաբերած են քաղաքացիները:

Հերացի փողոցի վրայ սեւ դիմակաւորները հրած ու հարուածած են AntiFake.am-ի լրագրող Դաւիթ Ֆիդանեանի ուսին, խոչընդոտած նկարահանումը։ Խանջեան փողոցի վրայ ոստիկանները հրմշտկած ու խոչընդոտած են նկարահանման աշխատանքը։ Խանջեան եւ Սայաթ-Նովա փողոցներուն վրայ քաշքշած են AntiFake.am-ի լրագրող Իշխան Խոսրովեանը, խոչընդոտած նկարահանումները։

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ բողոքի խաղաղ ցոյցերը լուսաբանող լրագրողներու իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերը, անոնց մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտելու լկտի եւ սանձարձակ, քրէաօլիկարխիկ պանտայի գործողութիւններուն յարիր ակտերը։ Իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջենք խստօրէն պահպանել լրագրողներու մասնագիտական գործունէութիւնը յարգելու իրենց պարտականութիւնը, որ ամրագրուած է՝ ինչպէս ներպետական օրէնսդրութեամբ, այնպէս ալ՝ բազմաթիւ միջազգային պայմանադրութիւններով։

Նիկոլ Փաշինեանէն կը պահանջենք պատասխանատւութեան ենթարկել ՊՊԾ պետ Սարգիս Յովհաննիսեանը՝ վերջինիս յիշեցնելով, որ ան ոչ թէ առանձին անձի անձնական օգտագործման թիկնապահ է, այլ՝ պետական ծառայող։ Տեղի ունեցած միջադէպերուն առիթով կը հրաւիրենք Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, տեղական եւ միջազգային իրաւաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը, որոնց լռութիւնն ու անգործութիւնը աւելի կը խորացնէ հանրութեան մէջ արմատացած այն կարծիքը, որ անոնք կ՝աշխատին երկակի չափանիշներով եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կը զբաղին միայն քաղաքական նպատակայարմարութենէ մեկնելով։

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը պիտի հետեւի քաղաքական գործընթացները լուսաբանող բոլոր լրագրողներու իրաւունքներու խախտումներու դէպքերուն, պիտի արձանագրէ զանոնք՝ յետագային կատարողները պատասխանատւութեան ենթարկելու նպատակով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՒՌՆԱԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ