Ինչու Քոսովոն Կամ Միջազգայնօրէն Չճանչցուած Միւս Երկիրները Պէտք է Օգտուին Փրկութեան եւ Փոխհատուցման Այդ Միջազգային Մեքենականութենէն, Իսկ Արցախը՝ Ոչ․ Բեգլարեան
Հաճելի էր լսել, թէ ինչպէս է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուդերիշի հետ խօսած է Քոսովոյի հարցով Միջազգային դատարանի խորհրդատուական եզրակացութեան մասին։ Այս մասին գրած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան։
«Ասիկա, միանշանակ, նախադէպային լուծում էր գոյաբանական սպառնալիքի տակ ապրող եւ իր ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքարող ժողովուրդներուն համար, որոնց մէջ Արցախի բնիկ ժողովուրդը կը գտնուի առաջնային դիրքերու վրայ։
Աւելորդ է անգամ փաստարկներ բերել այն մասին, թէ ինչ ցեղասպանական քաղաքականութեան ենթարկուած է արցախահայութիւնը տասնամյակներ շարունակ, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Արցախի հայերու ցեղական զտումները, հայրենազրկումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, հայատեացութեան համակարգային քաղաքականութիւնը եւ շարք մը այլ գոյաբանական սպառնալիքները, որոնց մասին կը վկայէ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու նմանատիպ փաստագրուած փաստերը։
Այժմ հռետորական հարց. Ինչո՞ւ Քոսովոն կամ միջազգայնօրէն չճանչցուած միւս երկիրները պէտք է օգտուին փրկութեան եւ փոխհատուցման այդ միջազգային մեքենականութենէն, իսկ Արցախը՝ ոչ, եթէ ան կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներուն:
Պէտք չէ մոռնալ այն բազմաթիւ դէպքերը, երբ միջազգային հանրութիւնը չէ կատարած իր կանխարգելիչ պարտաւորութիւնները, եւ իբրեւ արդիւնք տարբեր ժողովուրդներ ենթարկուած են ցեղասպանութեան»,- Թելեկրամի իր օգտահաշուին մէջ գրած է Բեգլարեան։
