Ազրպէյճանը Պղծած է Հադրութի Եկեղեցին. Հանուած է Խաչը, Ջնջուած է Հայկական Արձանագրութիւնը
Ապրիլ 27-ին, ազրպէյճանական իշխանամերձ լրատուական գործակալութիւնները տարածած են «Հադրութի մէջ նշած են Զատիկը» վերնագիրով նիւթեր՝ հրապարակելով նաեւ Հադրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն նոր լուսանկարներ։ Այս մասին, ըստ «Ապառաժ»-ի, կը յայտնէ karabakhrecords.info-ն։
Լուսանկարներու ուսումնասիրութիւնը կը փաստէ, որ եկեղեցիէն հանուած է խաչը։
Բացի այդ՝ ազրպէյճանցիները, հետեւելով Ազրպէյճանի նախագահի՝ հայկական եկեղեցիներու գրութիւնները ջնջելու յորդորին, ջնջած են եկեղեցւոյ մուտքի արձանագրութիւնը առ այն, որ եկեղեցին վերանորոգուած է Միխայիլ Պաղտասարովի նիւթական աջակցութեամբ։
