Պաքուն Երեւանէն Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչում Կ՝ակնկալէ. Հաճիեւ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական – նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը ըսած է, որ Պաքուն
կ՝առաջարկէ Հարաւային Կովկասի ընդելուզուած տարբերակ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, կը հաղորդեն ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները:

«Ազրպէյճանը կ՝առաջարկէ Հարաւային Կովկասի ընդելուզուած տարբերակ։ Ներկայիս տարածաշրջանը շատ մասնատուած է, ուստի մենք պէտք է աւելի շատ կապեր եւ շփումներ հաստատենք մարդոց միջեւ»,- ըսած է Հաճիեւը, Հինգշաբթի, Շուշիի մէջ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագիրով համաժողովին:

Անոր խօսքով՝ Պաքուն Երեւանէն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում կ՝ակնկալէ եւ պատրաստ է ճանչնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Ազրպէյճանի գլխաւոր ուղերձը Հայաստանին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչումն է։ Հայաստանը պատրա՞ստ է անոր։ Մենք պատրաստ ենք»,- ըսած է նախագահի օգնականը։

Ան նաեւ յայտարարած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ սահմագծման խնդիրի լուծման կարեւորութիւնը. «Մենք արդէն կը ստանանք որոշակի ազդանշաններ, որ այդ գործընթացը պիտի սկսի մօտ ապագային»։

Հաճիեւը աւելցուցած է, որ Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակիչները կը համարէ իր քաղաքացիները: