Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, 24 Ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Բազմամարդ ու կարգապահ քայլարշաւով 24 Ապրիլին լիբանանահայութիւնը փաստեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած բազում հարցերուն ու տակաւին տիրող մեծ դժուարութիւններուն` տակաւին ինք կը մնայ գիտակից ազգային իր ինքնութեան, արժէքներուն եւ պարտականութեան, կառչած` հայութեան իրաւունքներուն, որոնցմէ որեւէ զիջում անընդունելի է իրեն համար: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս քալեց տարեցով ու երիտասարդով, մանուկով ու պատանիով, քալեց նահատակներուն ուղիով, վերապրողի եւ պայքարողի վճռակամութեամբ եւ հաւատքով, քալեց, որովհետեւ հայը չի յանձնուիր, չի յուսահատիր եւ չի նահանջեր իր պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ:

Համաժողովրդային Նշում Անթիլիասի Մէջ