
Բազմաթիւ Անգամ Դիմած Ենք ՀՀ-ին, Որ Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը՝ Թէկուզ ԱԺ-ի Մակարդակով. Արթուր Թովմասեան
Ես դիմած եմ աշխարհի բոլոր խորհրդարաններուն, քանի մը լեզուով թարգմանուած, ոչ միայն հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, այլեւ՝ պարսկերէն, թրքերէն, որպէսզի ճանչնան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, այլ ելք չկայ: Այս մասին, Մարտ 10-ին, Արցախի ԱԺ արտահերթ նիստին յայտարարած է Արցախի ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեան:
«Բազմաթիւ անգամ մենք դիմած ենք ՀՀ-ին, որպէսզի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը՝ թէկուզ ԱԺ մակարդակով: Քաղաքական եւ բարոյական առումով ճիշդ էր, որ պատերազմի ընթացքին ճանչնային Արցախի անկախութիւնը»,- ըսած է Թովմասեան:
Նշենք, որ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն պարբերաբար կը խախտէ հրադատարը՝ կիրառելով նաեւ ականանետեր, որուն հետեւանքով կայ մէկ վիրաւոր։