Մահացած է Արայիկ Խանդոյեանը (Միայնակ Գայլ)

Հայաստան

«Խոր կսկիծով կը յայտնեմ, որ մօտ մէկ ժամ առաջ մահացած է Արայիկ Խանդոյեանը՝ Միայնակ գայլը»: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ, երէկ կէս գիշերէն ետք, գրած է «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան համակարգող Վարուժան Աւետիսեան։

Արայիկ Խանդոյեան ծնած է 1971 թուականի Ապրիլ 19-ին, Արագածոտնի մարզի Վերին Սասունիկ գիւղին մէջ: Արցախեան պատերազմի մասնակից է, ազատամարտիկ:

Արայիկ Խանդոյեանի կերպարը արցախեան ազատամարտի յայտնի խորհրդանիշներէն է։ 17 տարեկանին՝ արցախեան շարժման սկզբնական շրջանին՝ Ծաղկահովիտ գիւղի մօտակայքը տեղակայուած ԽՍՀՄ ԶՈՒ ռազմակայանէն զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէր հայկական կամաւորական ջոկատներուն տրամադրելու նպատակով։ 1989-ին կը զօրակոչուի ԽՍՀՄ ԶՈՒ, սակայն 1990-ին արձակուրդ կ՝առնէ եւ այլեւս չի վերադառնար։ Այստեղէն կը մեկնի Արցախ եւ կը միանայ հայկական կամաւորական ջոկատներուն։ 1994-ի հրադադարէն ետք՝ իր երկու եղբայրներուն հետ միասին՝ ծառայութիւնը կը շարունակէ ՀՀ ԶՈՒ-ի մէջ։

2016 Յուլիս 17-ի առաւօտեան, «Սասնայ Ծռեր» խմբաւորման կազմին մէջ, Արայիկ Խանդոյեան մասնակցած է Երեւան քաղաքի էրեբունի թաղամասի ոստիկանութեան զօրամասի ազատագրման։ Խմբաւորման անդամները կը պահանջէին ՀՀ իշխանութիւններուն հրաժարականը, ներառեալ՝ ՀՀ նախագահի պաշտօնը զբաղցնող Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ-ի մէջ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, Արցախի Հանրապետութեան ամբողջականութեան պահպանումը։

Արայիկ Խանդոյեան ամուսնացած էր, ունի 5 զաւակ։

www.1in.am