Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած է «Ապրեցնող Երկխօսութիւն» Բեմական Երգագրութեան Առաջնախաղը
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 1-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է «Ապրեցնող երկխօսութիւն» բեմական երգագրութեան առաջնախաղը՝ ըստ 44-օրեայ պատերազմին անմահացած Վարդան Ամալեանի պատմուածքներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
Ներկայացման առաջնախաղը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր 1 տարի առաջ: Անիկա կը ներկայացնէ «Մետրո» թատրոն արուեստանոցը՝ Էդգար Մեհրաբեանի բեմադրութեամբ:
Ներկայացման բեմադրիչ էդգար Մեհրաբեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ յատկապէս Արցախի մէջ կարիք կայ ներկայացնելու այս բեմականացումը, որովհետեւ ստեղծուած իրավիճակին բոլորս ունինք այս խօսքերուն կարիքը, որ կը հնչէ բեմէն:
