Պըրպենքի Մէջ Նահատակ Զինուորներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Կարգ Իրականացաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Ուրբաթ, 28 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայոց Բանակի կազմաւորման 30-ամեակին առիթով, Պըրպենքի (ԱՄՆ) Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հարաւային կողմի Սրբոց Նահատակաց մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած մեր նահատակ զինուորներու յիշատակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Արարողութեան նախագահեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեան: Արարողութեան ներկայ էին մատուռի ներսը տեղադրուած խաչքարի բարերար Կարէն սրկ. Վարդանեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալ հայորդիներ, որոնք իրենց աղօթքով մասնակից դարձան յիշատակի արարողութեան: