Ազրպէյճանը Չէ Հրաժարած Իր Նենգ Ծրագիրներէն․ Արցախի ԱԱԾ

Աշխարհ, Հայաստան

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը աննկարագրելի արհաւիրք էր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, ու թէեւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք աշխոյժ ռազմական գործողութիւնները դադրած են, այդուհանդերձ Ազրպէյճանը չէ հրաժարած իր նենգ ծրագիրներէն ու կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելուն, արցախցիներու մէջ ծրագրաւորուած խուճապ ձեւաւորելուն եւ զայն պահպանելուն ուղղուած քայլերը: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն։

2020թ. Նոյեմբեր 9-էն ետք ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները իրենց ողջ ներուժը ուղղած են համացանցային հնարաւորութիւններու կիրառմամբ հարձակումներու եւ արցախցիներու ընկերային ցանցերը տարբեր դաւադիր գործընթացներու մէջ ներգրաւելուն ուղղուած գործողութիւններու կազմակերպման ու իրագործման:

Յատկանշական է, որ այդ մեթոտներն ու հնարքները պարբերաբար կը փոփոխուին, կը կատարելագործուին: Սկիզբը հայկական համացանցային տիրույթէն պատճենուած են Ստեփանակերտի ու Արցախի Հանրապետութեան հանրաճանաչ այլ վայրերէ տեսարաններ եւ ազրպէյճաներէն նիւթերու ուղեկցութեամբ վերահրապարակուած՝ այդ կերպով արցախցիներուն մօտ փորձելով ձեւաւորել անպաշտպանութեան զգացողութիւն եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածք ազատօրէն ներթափանցելու տպաւորութիւն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ այդ տեսանիւթերուն կեղծ ու բեմականացուած ըլլալը բացայայտելէ ետք՝ կատարուած է հանրային գիտակցութեան վրայ ներազդելու մեթոտի փոփոխութիւն եւ նորացում:

Ամենատարբեր միջոցներով շահագրգռելու եւ տարբեր պատճառաբանութիւններով համոզելու եղանակով ընկերային ցանցերու արցախցի օգտատէրերէն ձեռք բերուած են Ստեփանակերտի «Վերածննդի» հրապարակի, «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի եւ այլ վայրերու լուսանկարներ կամ նոյն վայրերու մէջ կատարուած տեսանկարահանման արդիւնքներ եւ կրկին ազրպէյճաներէն խօսակցութեան ուղեկցութեամբ հրապարակուած: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ այդօրինակ դէպքերը բացայայտելէ եւ անոնց ծագման աղբիւրները մերկացնելէ ետք՝ ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները կրկին վերափոխած են գործողութիւններուն բնոյթը: Այս անգամ որպէս թիրախ սկսած են ընտրուիլ ոչ միայն քաղաքացիական անձեր, այլեւ զինծառայողները, որոնց հետ Ֆէյսպուք, Վկոնտակտէ, Թելեկրամ եւ հասարակական այլ ցանցերու մէջ բացուած կեղծ ու գայթակղիչ էջերով տեւական ժամանակ շփուելէ եւ կապ ձեւաւորելէ ետք՝ ձեռք բերուած են անձնական տուեալներ՝ անձնագրի, զինուորական գրքոյկի լուսանկարներ, վարած անպարկեշտ արտայայտութիւններ ընդգրկող գրագրութիւն, ստացած մարմնի տարբեր մասերու լուսանկարներ, որմէ ետք զանոնք հրապարակելու սպառնալիքի գործադրմամբ մեր քաղաքացին դարձուցած սեփական պահանջները բաւարարելու գործիք:

Անձնական տուեալներու եւ պատիւն ու արժանապատւութիւնը նուաստացնող տեղեկութիւններու հրապարակման վտանգի ռիսկով շղթայուած անձերէն յետագային փորձուած է ստանալ Արցախի Հանրապետութեան տարբեր վայրերու լուսանկարներ, զօրամասերու տեղակայման վայրերու, սպառազինութեան մէջ մտնող զէնքի ու զինամթերքի տեսակի եւ քանակի վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Horizon Weekly Newspaper