Վերին Շորժայի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանի ԶՈւ Կրակոցներուն Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի Մէկ Վիրաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր, ժամը 15։15-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակած են Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով մէկ զինծառայող վիրաւորուած է միջին ծանրութեամբ։ ՀՀ ՊՆ-ի տեղեկութիւններով՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը լռեցուած է։