Ազրպէյճանական Զինուժը Արեւելեան Ուղղութեամբ Հրետանային Միջոցներ եւ ԱԹՍ-ներ Կիրառած է․ Ունինք 3 Վիրաւոր․ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Յունուար 11-ին, ժամը 17։30-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները վերսկսած են կրակը հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ օգտագործելով նաեւ հրետանային միջոցներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Հայկական կողմը դիմած է համարժէք գործողութիւններու։ Ժամը 18։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը շարունակուած է։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Հայկական կողմի կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշտուին։ Առ այժմ յայտնի է երեք վիրաւորի մասին։

Իրադրութեան զարգացումներուն վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով։