Որեւէ Կարգավիճակ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Բացարձակապէս Անընդունելի է. Արցախի ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի յարձակողական պահուածքը միտուած է Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման ու ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման: Այս մասին ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, որմով դատապարտուած են ազրպէյճանական զինուժի կողմէն այսօր Կարմիր շուկա-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներուն ուղղութեամբ հրադադարի խախտման դէպքերը:

«Այսօր՝ Յունուար 10-ին, ազրպէյճանական կողմը կրկին կոպտօրէն խախտած է զինադադարը՝ թիրախ դարձնելով Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկա-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներու քաղաքացիներն ու քաղաքացիական վայրերը։

Նման գործողութիւնները Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիստական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցեն, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին այդ երկրի իրական՝ Արցախի, հայ ժողովուրդի եւ տարածաշրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակներուն հետ։

Ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն ի վեր Ազրպէյճանի յարձակողական պահուածքը ձեռք բերուած համաձայնութիւններու, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում է՝ միտուած Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման։

Հարկ կը համարենք մէկ անգամ եւս ընդգծելու, որ նման քայլերով Ազրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ, որուն համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։

Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։