ԱԺ 14 Պատգամաւոր Ստորագրած է Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Դեկտեմբերին կայացնելու Յայտարարութեան Տակ

Հայաստան

Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ յայտարարութիւն ստորագրած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, յայտարարութեան տակ այս պահուն ստորագրած է 14 պատգամաւոր:

Յայտարարութեան տակ ստորագրած են հետեւեալ պատգամաւորները.

Աշոտ Արսէնեան
Ալիկ Սարգսեան
Արտակ Սարգսեան
Արման Սահակեան
Տաճատ Վարդապետեան
Յակոբ Գառնիկի Յակոբեան
Շիրակ Թորոսեան
Կնեազ Հասանով
Արսեն Միխայլով
Յարութիւն Կարապողոսեան
Սամուէլ Ալեքսանեան
Նահապետ Գէորգեան
Արայիկ Գրիգորեան
Իշխան Զաքարեան:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին  ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան հաստատեց նման ստորագրահաւաքի վերաբերեալ տեղեկութիւնը` շեշտելով, որ ինք իմացած է նման նախաձեռնութեան մասին ու միացած։

Շիրակ Թորոսեան դժուարացաւ պատասխանելու հարցին, թէ ով նախաձեռնած է յայտարարութիւնը ու ստորագրահաւաքը:

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեան նոյնպէս հաստատեց լուրը` նշելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութեան տակ եւ համաձայն է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան Դեկտեմբերին: