Հայ Դատը Հայոց Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն հասցէագրուած նամակով մը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ քաղաքականութիւնը յստակօրէն փոխելու կոչ ըրաւ նախագահ Պայտընի վարչակարգին եւ շեշտեց Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի ու  անոր գործակիցներուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը։

«Ատրպէյճան եւ ՆԱԹՕի մեր «դաշնակից» Թուրքիա ախորժակներ ունին իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով՝ ամբողջացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», նամակին մէջ կ՛ազդարարէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, 14 Դեկտեմբեր թուակիր նամակին մէջ, որուն կրկօրինակները ուղարկուեցան նաեւ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին եւ Ռազմական սպասարկութիւններուն եւ Յատկացումներու յանձնախումբերուն։

Նամակին մէջ կը քննադատուի Արցախի եւ Հայաստանի վրայ շարունակաբար յարձակող Ատրպէյճանին բռնարարքները յստակօրէն չդատապարտելու՝ ամերիկեան կեցուածքը եւ իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք հաւասարապէս «երկու կողմերուն» յղուած զսպուածութեան անիմաստ կոչերը։

 տրպէյճանին ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնելու կոչին կողքին, նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ առնուազն 100 միլիոն տոլար պէտք է տրամադրուի Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած մօտաւորապէս 100,000 հայ գաղթականներուն կարիքները հոգալու ջանքերուն համար։

Նամակին մէջ նաեւ կը պահանջուի դատապարտել հայ գերիները չվերադարձնելու՝ Պաքուի կեցուածքը, հետապնդել Անգարայի մեղսակցութեամբ ահաբեկիչներու մասնակցութեան ապահովումը Արցախի պատերազմին, դատապարտումը՝ Պաքուին զինուորական գործողութեան մասնակցելու Անգարայի որոշումին եւ Արցախի անկախութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման գնով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերը։

Նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։