ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Կառուցողական Հանդիպում Ունեցած Են Փոխվարչապետ Աւինեանին Հետ
Հոկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ՝ պատգամաւոր Սպարտակ Սեյրանեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Արսէն Համբարձումեան կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպում ունեցած են փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի հետ:
Համբարձումեան փոխվարչապետ Աւինեանի հետ հանդիպումը որակեց կառուցողական եւ արդիւնաւէտ:
«Ունեցած ենք օգտակար քննարկում հարցերու լայն շրջանակի հետ կապուած: Կը կարծեմ, որ յետագայ քննարկումները հնարաւորութիւն պիտի տան ճիշդ լուծումներ գտնելու եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար», – ըսած է Համբարձումեանը:
