Փաշինեան եւ Ծառուկեան Համաձայնութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Հայաստան

Հոկտեմբեր 8-ին կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱԺ “Ծառուկեան” խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումը, որուն ընթացքին  քննարկուած են Դեկտեմբեր 2018-ին (հաւանական) տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր (երէկ` 8 Հոկտեմբերին, «Ա.») ընդունած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը: Քննարկուած են հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներ, այդ կարգին` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման  առնչուող հարցեր», գրած է Արման Եղոյեան:

Աւելի ուշ, վարչապետի բանբեր Արման Եղոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակեց Գագիկ Ծառուկեանի ու Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ստորագրուած յուշագիրին բնագիրը: Ըստ այդմ, Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը պիտի չառաջադրէ վարչապետի թեկնածու եւ պիտի չաջակցի վարչապետի ոեւէ թեկնածուի:

Հանդիպումի ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան նշեց, որ ինք կ՛աջակցի  յեղափոխական շարժումին եւ անոր սկզբունքներուն:

«Բոլոր հարցերով եղած եմ իմ ժողովուրդի կողքին, շարժումի կողքին: Ոչ մէկն ալ  կը պատկերացնէր, որ կրնայ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տալ, բայց  մենք այդ պահէն ամբողջ խումբով կանգնած ենք ձեր կողքին: «Արմենիա» պանդոկին մօտ ըսած եմ, որ ձեր ընտրեալը Նիկոլ Փաշինեանն է, ես ձեր ընտրեալի կողքին եմ, 100 անգամ ալ դնենք,  չընտրուի, միեւնոյնն է, ձեր կողքին եմ: Միշտ քու կողքիդ եղած եմ քու կողքիդ եմ եւ պիտի մնամ»,- նշած է Ծառուկեան: