
Յոռետեսական եւ Լաւատեսական Դիրքերէ Անդին՝ Կը Հասնի՞նք Եսերը Գերանցող Իրատեսական Ուղի. (Յ. Պալեան)
Տարի, ամիս, օրեր իրարու կը յաջորդեն, կը խօսինք, կը վիճինք, զիրար կը դատափետենք, անկարող ըլլալով մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին սպառնացող վտանգները հեռացնելու: Իրականութիւնները կը վարագուրենք գեղեցիկ խօսքով, քննադատական խօսքով, ինքնագոհական խօսքով, եւ մենք մեզ կը փորձենք համոզել, որ ազգի եւ հայրենիքի հարցերը կը լուծենք: Այդ թափահարումները սրահ յուզելու կամ զուարճացնելու սահմանէն անդին չեն երթար, կը ծառայեն դիրքապաշտութիւններու:
Մեր անկարողութեան եզրակացութիւնը այն է, որ մենք մեր մէջ չգտնելով ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ ուժը, տեսութիւններ կը ներածենք եւ կը մշակենք, ցանկութիւններ կը յայտնենք, միամտօրէն հաւատալով, որ հեռուի կամ մօտի «բարեկամ» մը, «բարեկամներ», ամպագոռգոռ անուններով «կազմակերպութիւններ»,- օտար, միջազգային,- յանձնառութիւն պիտի ստանձնեն, մեր հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդը ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ, մեր իրաւունքները վերականգնելու: Համակրական արտայայտութիւնները կը համարենք մեր հարցերուն լուծումներ բերելու կոչուած զօրասիւն կամ նաւատորմ, որոնք ճշմարտութեան յաղթանակը պիտի պարտադրեն, որոնք չեն եկած, չեն գար:
Կը շարունակենք այս կամ այն ՄԵԾը հրաւիրել, անոր կողմէ ընդունուիլ, սպասել ընդունելութեան սրահի մը մուտքին, կամ «ի պատիւ» ճաշկերոյթներ կազմակերպել: Եթէ չգոհանանք քաղաքական տեղական-տեղայնական մանրուքներով, ներհայաստանեան եւ հեռու ու մօտ վայրերու ներհամայնքային ցուցադրութիւններով, որոնք, համագումար, հիմնականը կը վարագուրեն:
ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ դժբախտ բառը քաղաքական եւ պատմական լուսաբանութեան կարիք ունի: Միամիտներ եւ լաւատեսներ կրնա՞ն երեւակայել, որ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը պաշտպանելու համար այս կամ այն երկիրը, երկիրները, բանակ պիտի ղրկեն, յանձն պիտի առնեն պատերազմիլ մեզի համար: Պէտք չէ ուրանալ. անոնք բոլորն ալ, ինչպէս միշտ ըրած են, պիտի հագնին Բարի Սամարացիի պարեգօտ, դեղ պիտի ղրկեն, սնունդ, երբեմն ալ իրենց քսակները բանալով յատկացումներ պիտի ընեն զանազան «բարելաւումներ»ու համար:
Արդէն առանց իրենց միտումները թաքցնելու, զանազան դրդապատճառներով առաջնորդուողներ կան, ղեկավարներ, կուսակցութիւններ, Հայաստան թէ դուրսը անհատական-ակմբային մակարդակի վրայ կը ծանծաղողներ,- որոնք եզրակացուցած են, որ Հայաստան անկախ չի կրնար ըլլալ: Հետեւաբար Ռուսիոյ հետ, ինչպէս Պելառուսը ըրաւ, պէտք է մտնել քաղաքական-կազմակերպական «ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ» համակարգի մը մէջ: Նման «ՄԻՈՒԹԻՒՆ» կրնայ երաշխաւորել բնակչութիւն-քաղաքացիին ապահովական եւ տնտեսական հարցերը, որ անհատներուն անմիջական կենսականն է: Զանգուածը մեծ-պետական եւ միջազգային հաւասարակշռութիւններու մարզանքներ չ’ըներ, այդ առաջնորդին գործն է:
Առաջնորդը ազգի եւ հայրենիքի ներկայի եւ ապագայի պատասխանատուն է:
Ոչ ոք կը հաւատայ, որ «Արեւմտեան» երկիր մը Հայաստանի դաշնակից պիտի ըլլայ եւ անոր կողքին պիտի կռուի: Հետեւաբար, անմիջապէս կ’եզրակացուի, որ Ռուսիան միայն կրնայ ըլլալ այդ դաշնակիցը, այդպէս է արդէն գէթ ցարդ կնքուած համաձայնութիւններով: Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է: Եթէ այդ «դաշնակցութիւն»ը լաւ չի գործեր, պատճառ կրնան համարուիլ Ռուսիոյ մեծ-պետական շահերը, բայց նաեւ մեր մեծերու ակումբին մէջ առանձին խաղալու սիրողական ճապկումները, երբ «հեռաւոր դաշնակիցներ» կը փնտռենք եւ կրկներեւոյթները (միրաժ) իրականութիւն կը համարենք:
Եթէ Հայաստան հետեւի Պելառուսի օրինակին եւ Միութենական Միութիւն կնքէ Ռուսիոյ հետ, եթէ դեռ վերջինը այդ ընդունի, հարց կը ծագի, թէ փոխարէն, ի՞նչ գին պէտք է վճարէ ինքնուրոյն ազգ մը եւ անոր անկախ պետութիւնը: Ի՞նչ պիտի կորսնցնէ ի՞նչ շահելու համար:
Հայաստանի «Ուժեղ Հայաստանը Ռուսաստանի հետ. յանուն նոր Միութեան Շարժում» կուսակցութիւնը, հրապարակած է Ռուսիա-Պելառուս Միութեամբ ընդունուած սկզբունքները:
«ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ» ստեղծման նոյեմբեր 4ի համաձայնութեամբ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կ’ամփոփուի հետեւեալ ձեւով.
ա. Արդիւնաբերական համարկում. համատեղ արտադրութիւններու զարգացում, արտադրողներու աջակցութեան միասնական քաղաքականութիւն, դիւրացում ապրանքներու շրջանառութեան, տնտեսվարողներու հաւասար պայմաններ՝ ծրագիրներու մրցոյթներու:
բ. Գիւղատնտեսական քաղաքականութեան միաւորում, վարչական խոչնդոտներու վերացում, նպաստելով գիւղատնտեսական ապրանքներու շրջանառութեան աճին, մթերային անվտանգութեան եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման:
գ. Միասնական փոխադրական շուկայ, բաց սահմաններ, օդային երկաթգծի եւ այլ տեղափոխումներու միասնական սակագիներ: Ինքնաշարժներու տեղափոխումներու միասնական ծրագրային սպասարկում, որ կը ջնջէ միջպետական սահմանները:
դ. Անդամ երկիրներու արտադրութիւններու ազատ ներածումներ:
ե. Անասնաբուժական եւ բուսաբանական վերահսկողութեան ընդհանուր կարգ, նոյնատեսակ վերահսկողութիւն, եւ արտադրութիւնները առանց խոչնդոտներու կը տեղափոխուին անդամ երկիրներու շուկաներ:
զ. Ուժանիւթի միասնական շուկայ: Անդամ երկիրները բնական կազ եւ ելեկտրականութիւն կը ստանան Ռուսիոյ ներքին գիներով: Հիւլէական ուժանիւթի համատեղ զարգացում:
է. Միութենական պետութեան անդամ երկրները կ’ունենան նոյն ըկերային երաշխիքները եւ թոշակներու չափերը, կարիքաւորներու աջակցութիւնը կը նոյնացուի:
ը. Միութենական պետութեան անդամները առանց սահմանափակումներու կրնան աշխատիլ այդ պետութիւններէն իւրաքանչիւրին մէջ:
թ. Անդամ պետութիւններու հարկային եւ մաքսային օրէնսդրութիիւններու ներդաշնակում: Պետական գնումներու մրցոյթներու մասնակցութեան հաւասար պայմաններ:
ժ. Զբօսաշրջութեան զարգացում. օրէնսդրութեան նոյնացումով, որ կ’աւելցնէ զբօսաշրջիկներու փոխադարձ հոսքերը:
ժա. Միութենական պետութեան քաղաքացիները հնարաւորութիւն կ’ունենան առանց սահմանափակումներու օգտուելու անդամ պետութիւններու դրամատնային ծառայություններէն:
ժբ. Միասնական պաշտպանական եւ անվտանգութեան համակարգ. անդամ պետութիւններու արտաքին սահմանները դիտարկել որպէս Միութենական պետութեան սահմաններ եւ զանոնք պաշտպանել համատեղ ուժերով:
ժգ. Համակարգում համալսարանական եւ ակադեմական կրթութեան, գիտական համագործակցութեան, մշակութային ու մարմնարզի ոլորտներու:
ժդ. Առողջապահական համակարգերու մերձեցում, յառաջադէմ, լաւագոյն բուժհիմնարկներու փորձի փոխանակութիւն, առողջապահական հնարաւորութիւններէն օգտուելու հաւասար հնարաւորութիւններ:
ժե. Ազգային արժեհամակարգերու պահպանում. ազգային, աւանդական, արեւելաքրիստոնէական արժէքներու համատեղ ուժերով պահպանում: Աւանդական ընտանիք, ազգային արժէքներ, քրիստոնէական բարոյականութիւն, սեռերու եւ սերունդներու միջեւ ներդաշնակ յարաբերութիւններ (ընդգծ. Յ.Պ.):
Դաշնակցային (ֆետերատիֆ) պետութեան մը համար բնական եւ ընդունուած պայմաններ են ինչ որ նշուած է: Պիելոռուսիոյ մէջ բնակչութեան շուրջ կէսի մայրենի լեզուն ռուսերէնն է, կը նշանակէ որ լեզուամշակութային խոչնդոտներ չկան: Հայաստան եթէ մտնէ նշուած «Միութենական Միութեան» մէջ, ինչպէ՞ս հայերէնը պիտի մնայ պետական, վարչական, գիտական լեզու: Այդ համակարգին մաս կազմելով հայերէնը պիտի չվերածուի՞ տեղական բարբառի, աստիճանաբար դադրելով ազգային-մշակութային ինքնութեան կրող ըլլալէ: Պէտք է մտածել հետեւանքներու մասին:
Հայաստան մաս կազմելով «Միութենական Միութեան», ինչպէ՞ս պիտի հետապնդէ իր ազգային քաղաքականութիւնը: Այդ «Միութեան» համար քաղաքական օրակարգ պիտի ըլլա՞ն Արցախի հարցը, հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ անոր հետեւանքներուն վերացումը: Այսինքն, «Միութենական Միութեան» մէջ Հայաստան պիտի ունենա՞յ իր ազգային ուրոյն քաղաքականութիւնը: Աւելի պարզ. այդ «Միութեան» քաղաքական օրակարգին մաս պիտի կազմէ՞ հայկական իրաւունքի հետապնդումը:
Նշուած կէտերու վերջինը, ազգային արժէհամակարգերու պաշտպանութեան գծով, դրական է, ընկերաբարոյական եւ մշակութային է, դրական է, բայց մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը պատմութիւնը եւ քաղաքական անլոյծ հարցերը չի ներառներ: Հայաստան կրնայ ունենալ նահանգային պաշտպանուածութիւն եւ բարօրութիւն: Փակագիծի մէջ կը դրուին Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-քաղաքական հիմնահարցերը:
Անմիջականի եւ հին սէրերու համար քաղաքական աններելի սխալ կ’ըլլայ ազգային հարցերու անտեսումը եւ հուսկ՝ մոռացումը:
Երբ կը բացակայի ազգային հիմնական առաջնորդութիւնը, քաղաքականութիւնը կը վերածուի անմիջական լուծումներ որոնելու տեղական-տեղայնական ճապկումներու:
Ապագայակերտ լուծումները պիտի գան երբ 3+10 միլիոնի իրաւութեամբ մշակուած եւ կենսագործուող քաղաքականութիւն ունենանք, ոչ թէ մասնակիի համար, այլ ազգի յաւելեալ տեսիլքի իրականացման:
Այս ընելու համար եսերէ անդին ոստում պէտք է կատարել, նայիլ նոյն ուղղութեամբ, ինչ որ չենք ըրած եւ չենք ըներ:
Ինչպէ՞ս այդ ընել: Բայց ի՞նչ բանի համար են մտաւորականութիւնը եւ… ղեկավարութիւնը, իրա՛ւը: