30 Տարի Առաջ Այս Օրը Արցախի Մէջ «ԱՅՈ» Ըսին Անկախութեան

Հայաստան

Ուղիղ 30 տարի առաջ այս օրը՝ 1991-ի Դեկտեմբեր 10-ին, նորանկախ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրականացուած է անկախութեան հռչակման, կազմաւորման եւ օրինական իշխանութիւններու ձեւաւորման հարցերով հանրաքուէ: Անիկա տեղի ունեցած է նախքան 1991 Դեկտեմբեր 21-ին Ալմա-Աթայի մէջ ԽՍՀՄ լուծարման մասին հռչակագրի ստորագրումը:

Աւելի շուտ՝ 1991 Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նիստին ընդունուած էր Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման հռչակագիրը, որ կը համապատասխանէր թէ՛ ԽՍՀՄ օրէնսդրական չափանիշներուն, թէ՛ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու մէջ ամրագրուած ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Համաձայն Արցախի Հանրապետութեան Ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդին կողմէ հաստատուած կանոնակարգին՝ հանրաքուէի դրուած հարցը ընդունուած կը համարուէր, եթէ անոր օգտին քուէարկէր ընտրողներուն առնուազն 2/3-ը՝ 50%-էն ոչ պակաս մասնակցութեան պարագային:

Հանրաքուէին մասնակցած է գրանցուած քաղաքացիներու 82.2%-ը, ներառեալ նաեւ Գետաշէնի ենթաշրջանի բնակիչները՝ անով իսկ իրաւական տեսակէտէ ամրագրելով ենթաշրջանի` Արցախի Հանրապետութեան կազմին մէջ մտնելը: Քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 132.328 քաղաքացիներէն հանրաքուէին մասնակցած է 108.738 մարդ, որ կը կազմէր քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներուն 82,2 տոկոսը: Անկախութեան «կողմ» քուէարկեց 108 615, «դէմ»՝ 24 (0,02 %) հոգի, 96 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուեցաւ:

Քուէարկութեան մասնակից քաղաքացիներուն 99,89 տոկոսը հաւանութիւն տուաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը հանրաքուէով ամրագրեց եւ իրացուց անկախ պետութիւն ունենալու իր իրաւունքը:

Քուէարկութեան չմասնակցած մարդոց մեծամասնութիւնը ազրպէյճանական բնակավայրերու բնակիչ էր: Թէեւ ազրպէյճանցիները արդէն փոքր թիւ կը կազմէին, արցախեան իշխանութիւնները հանրաքուէին անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու համար քուէաթերթիկները տպագրած էին երեք լեզուներով` հայերէն, ազրպէյճաներէն եւ ռուսերէն: Այնուամենայնիւ, Արցախի մէջ բնակող ազրպէյճանցիները, հետեւելով Պաքուի հրահանգին, չմասնակցեցան հանրաքուէին:

Քուէաթերթիկը կ՝ընդգրկէր հետեւեալ հարցը.

«Համաձա՞յն էք Դուք, որպէսզի հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ըլլայ անկախ պետութիւն, ինքնուրոյն որոշելով համագործակցութեան ձեւը ուրիշ պետութիւններու եւ ընկերակցութիւններու հետ»:

Հանրաքուէի իրականացման ընթացքին կը հետեւէր անկախ դիտորդներու խումբը, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքներուն վերաբերեալ իր եզրակացութիւնը ամփոփեց համապատասխան Ակտին մէջ: Քուէարկութեան գործընթացի լուսաբանման համար Արցախի Հանրապետութիւն ժամանած էին «Радио России», «Эхо Москвы», «Известия», «Московские новости», «Мегаполис-экспресс», «Столица», «Панорама», «Литературная газета», «Le Quotidien de Paris», «France-Presse», եւ շարք մը այլ պարբերականներու եւ գործակալութիւններու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Պուլկարիոյ հեռուստաընկերութիւններու լրագրողներ եւ թղթակիցներ։

Դիտորդական խումբերը աշխատած են Ստեփանակերտ քաղաքի, Ասկերանի, Հադրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ: Դիտորդները այցելած են աւելի քան 30 ընտրական տեղամաս, ներկայ գտնուած ձայները հաշուելու աշխատանքին:

Աւելի ուշ, հանդէս գալով անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքներուն վերաբերող արձանագրութեամբ, օտարերկրեայ անկախ դիտորդները հաստատած են, որ Արցախի բնակչութիւնը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ արտայայտուած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օգտին»:

Արցախի Հանրապետութեան ազրպէյճանական բնակչութիւնը հրաժարեցաւ մասնակցելէ հանրաքուէին։ Փոխարէնը անոնք սատարեցին Արցախի դէմ ազրպէյճանական իշխանութիւններու սանձազերծած յարձակման՝ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալով անոր մէջ։ Հանրաքուէի օրը Ստեփանակերտը եւ հայկական այլ բնակավայրեր ենթարկուեցան գնդակոծութեան, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 10, վիրաւորուեցաւ 11 խաղաղ բնակիչ: