
ԱՀ Կառավարութիւնը Տուրք Տուաւ ՀՀ Ապազգային Կառավարութեան Վարքագիծին՝ Ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Արժէքներու
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է ««Արցախի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին, որ ընդօրինակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած տօներու եւ յիշատակի օրերու օրինագիծին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
ԱՀ կառավարութեան որոշումը ուղարկուած է ԱՀ Ազգային ժողով՝ քննարկման համար: Ըստ ներկայացուած նախագիծին՝ 2022 թուականէն Ամանորն ու Ծննդեան տօները՝ Դեկտեմբեր 31-Յունուար 2 ներառեալ եւ Յունուար 6 կը նշուին իբրեւ ոչ աշխատանքային օրեր: Աշխատանքային շաբաթը կը սկսի Յունուար 3-ին:
Արցախի կառավարութեան ընդօրինակած օրէնքով՝ ԱՀ կառավարութիւնը տուրք տուաւ Հայաստանի ապազգային կառավարութեան վարքագիծին՝ ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու: ՀՀ-ի մէջ օրէնքի ընդունման նախօրէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաւիրուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը դիմած էր ՀՀ Ազգային Ժողովին՝ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներու ոչ աշխատանքային օրեր պահպանել նաեւ Յունուար 5-ը՝ իբրեւ Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի տօնական օր եւ Յունուար 7-ը՝ իբրեւ մեռելոց յիշատակի օր, յատկապէս, երբ արցախեան պատերազմի զոհերուն ցաւը դեռ կը մորմոքէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ: