Ստեփանակերտի Մէջ Տրոններու Տարրալուծարան Պիտի Բացուի

Հայաստան

Առաջին նման ուսումնական տարրալուծարանը բացուած է 2021 թուականի ամրան, Դիլիջանի մէջ։ Հայաստանի յառաջնակարգ արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նպատակն է բանալ նման տարրալուծարաններ ՀՀ-ի եւ Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ armeniasputnik.am-էն։

Մօտ ապագային Ստեփանակերտի մէջ պիտի բացուի անօդաչու թռչող սարքերու ուսումնական տարրալուծարան: Տեղեկութիւնը լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի յառաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (UATE) ArMath դպրոցական ճարտարագիտական տարրալուծարաններու համակարգող Սեդրակ Վարդանեանը։

Առաջին նման տարրալուծարանը (ArMath օդում) բացուած է Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական ուսումնարանին մէջ։ Այստեղ թռչող սարքերու տարբերակները կը ստեղծեն ե՛ւ կուրսանտներ, ե՛ւ սովորական վարժարաններու աշակերտներ: Այստեղ կու գան անոնք, որոնք արդէն անցած են ճարտարագիտութեան հիմունքները միջին դասարաններու մէջ ՝ սովորական ArMath տարրալուծարաններու մէջ։

Ստեփանակերտի մէջ տարրալուծարանի բացման մասին արդէն համաձայնութիւն կայ, հիմա ատոր համար հրահանգիչներ կը պատրաստեն։ Այնուհետեւ կը նախատեսուի նոյնատիպ տարրալուծարան բանալ Մարտակերտի մէջ։

Բացի այդ, յառաջիկային 15 սովորական «վերգետնեայ» ArMath տարրալուծարաններ պիտի բացուին Սիւնիքի մարզի գիւղերուն մէջ, ներառեալ ՝ Որոտանի, Ճակատենի եւ այլն…