
ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի Բանակավայրը Կոչուեցաւ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի Անունով
Մարօ Քէշիշեան
Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բիւրականի բանակավայրի նահատներու պուրակին մէջ ՀՄԸՄ-ական նահատակներու նուիրուած յուշարձանի տպաւորիչ բացումէն ետք, ներկաները համախմբուեցան բանակավայրի մուտքին, ուր զետեղուած էր բանակավայրը հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով անուանակոչելու յուշաքարը։ Այո Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով, այն ՀՄԸՄականին, որ վերջերս զոհ գնած անողոք համաճարակին, կեանքի թելը կտրուեցաւ կիսատ ձգելով անոր ապագային ծրագիրներր։ Այո Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց ՀՄԸՄ-ին եւ իր շրջապատին։ Կարեւոր այս անուանակոչման ներկայ գտնուեցան նաեւ հանգուցեալ եղբօր կինը՝ Մարալը եւ որդիները Բիւզանդն ու Նժդեհը։
Արարողութիւնը գեղեցկօրէն վարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի խմբապետուհիներէն Անուշիկ Փանոսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, վեր առաւ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը տասնամեակներ շարունակ նպաստել է հայ երիտասարդութեան ազգային ոգով դաստիարակութեանը, իբրեւ ամենամեծ հայկականնարզական եւ սկաուտական կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ աքտիւ դերակատարութիւն է ունեցել Հայաստանում եւ Արցախում ՀՄԸՄ-ի կառոյցի հիմնադրմանգործունէութեան ծաւալման աշխատանքներում»։ Ապա, հրաւիրեց եղբ. Մկրտիչեանին այրին՝ Մարալ Մկտիչեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանն ու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեանը կատարելու յուշաքարի բացումը։
Յուշաքարը ծածկող եռագոյն դրօշը վար առնելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ ցաւ յայտնելով եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ աներեվակայելի մահուան, վեր առաւ անոր մատուցած ծառայութիւնը ՀՄԸՄ-ի կեանքէն ներս եւ ընդգծեց ըսելով. «Եղբ. Գառնիկը իր անջնջելի դրօշմ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի փառաւոր հանդիսութիւններու պատուաւոր ձեւով իրականացման, մասնաւորապէս միութեան վերջին քսան տարուան պատմութեան կերտման մէջ ընդհանրապէս»։
Ապա, ներկայացնելով հանգուցեալ եղբօր ՀՄԸՄ-ական հարուստ կեանքը, յայտնեց, թէ ան սկիզբ առած էր ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն եւ աւարտած էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնով, ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան մնալով աշխոյժ ու կորովի ղեկավար։ Իսկ անդրադառնալով եղբօր ժողովականի կարողութիւններուն, եղբայրը ընդգծեց թէ «Եղբ. Մկրտիչեան յատկութիւնը ունէր նիւթերը նախապէս լաւ ձեւաւորելու, համադրելու եւ հետապնդելու, որ իր դրական արդիւնքը ունեցած է նախատեսուած աշխատանքներուն վրա»յ։ Եղբ. Նաճարեան նկատել տուաւ նաեւ, թէ Գառնիկ Մկրտիչեան մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրի բարեզարդման եւ ընդարձակման գործին։
Այնուհետեւ բացատրելով բանակավայրի անուանակոչման դրդապատճառները, բացատրեց. «Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, Կեդրոնական Վարչութիւնը համախորհուրդ եղբ. Գառնիկի ընտանիքին հետ, որոշեց ստեղծել ֆոնտ մը, միութեան օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական ժառանգը։ Հետեւաբար ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրը Գառնիկ Մկրտիչեան անուանելով եւ այդ ֆոնտը նուիրելով բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն։ Այս ֆոնտին կատարուած մնայուն նուիրատուութիւններով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ոչ միայն բանակավայրի արդիականացումը, այլ նաեւ նորութիւններու յաւելումը անոր կառոյցին վրայ»։
Եզրակացնելով, եղբ. Նաճարեան, բանակավայրը պաշտօնապէս «ՀՄԸՄ-ի Գառնիկ Մկրտիչեան Սկաուտական Բանակավայր» յայտարարեց, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ներկաներուն, որոնք ցնծութեան երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին զայն։
Մկրտիչեան ընտանիքի անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի կրտսեր որդին՝ Նժդեհը, որ ցաւով յիշելով իր հօր բացակայութիւնը իր այնքան սիրած վայրէն ըսաւ. «Այս պահուն կրնամ միայն պատկերացնել, որ որքան ուրախ է հիմա հայրս՝ եղբ. Գառնիկը։ Կը հաւատամ, որ ան մեզի հետ է։ Լուռ կը հետեւի, կը դիտէ ու իր յատուկ ժպիտով կը վայելէ մեր բոլորին ներկայութիւնը, մեր այս հաւաքը իրեն համար շատ սիրելի վայրէն՝ Բիւրականի մէջ։ Կը հաւատամ ու վստահ եմ, որ ան այսուհետեւ պիտի հսկէ այս վայրը, ոչ իր աչքերով, այլ իր բարձունքէն։ Ոչ ֆիզիքապէս հոս կանգնած, այլ երկնային իր նոր բնակարանէն, իր շուրջ հաւաքած ՀՄԸՄ-ական բոլոր քոյր-եղբայրները, որոնք առ յաւէտ հեռացած են երկրային մեր կեանքէն, այս աշխարհէն եւ բանաւոր բացակայութեամբ մը, հեռու կը մնան միութենական գործունէութենէն։ Սակայն անոնք միանալով Արարատ ու Արագած լեռներուն պիտի պաշտպանեն այս բանակավայրը։ Բանակավայր մը, որ էր, է ու պիտի շարունակէ մնալ հաւաքավայրը ՀՄԸՄ-ական տարբեր սերունդներու, հազարաւոր սկաուտներու, որոնցմով միշտ հպարտ էր եղբ. Գառնիկը»։
Ապա, եղբայրը վստահեցուց, որ լեցուն կեանքով այս բանակավայրը պիտի շարունակէ հանդիսանայ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն հանդիպման վայրը, իսկ իր ընտանիքի՝ կեանքի անբաժան մէկ մասը, իրենց ներշնչարանը, յոյսի եւ ուժի աղբիւրը, յենարանն ու ուխտավայրը։
Եռբ. Նժդեհ, Մկրտիչեան ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ իրագործման համար, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի, «Որոնք մեզի հետ էին, յիշեցին, յարգեցին ու կը շարունակեն վառ պահել եղբ. Գառնիկի Մկրտիչեանի յիշատակը»։
Օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Անբերդի շրջանի սպասաւոր հոգեւոր հովիւ Վրթանէս քհնյ. Բաղալեանը։ Ան առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց բանակավայրի անուանակոչման համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բանակավայրը ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ հոս բանակող քոյր-եղբայներուն համար։
Յուզիչ, միաժամանակ խրախուսիչ ու մանաւանդ յուսադրիչ այս անուանակոչման արարողութիւնը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ Նահատակ ցեղի անմահներ» գեղցիկ ու իմաստալից քայլերգով։ Ներկաները անձնապէս շնորհաւորելով Մկրտիչեան ընտանիքն ու ներկայ ՀՄԸՄ-ականները վերադարձան տուն եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի տիպարին ծանօթացած ըլլալու մեծ գոհունակութեամբ։