Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին Կը Նախատեսուի Վերաբանալ Սուրբ Զատիկին

Աշխարհ, Էրկիր

Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան օրերս այցելած է Տիարպեքիր։ Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը թուրք-քրտական ընդհարումներուն ժամանակ աւերուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք՝ այցելած է նաեւ Տիարպեքիրի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլուին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ի մէջ հրապարակուած Պատրիարքարանի յայտարարութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Տիարպեքիրի նահանգապետը հետաքրքրուած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքով։ Հանդիպման ծիրէն ներս՝ եկուստէք գոհունակութեամբ ընդգծուած է, որ եկեղեցւոյ նորոգման աշխատանքները կանոնաւոր կերպով կ՝ընթանան, եւ նոյն կերպ շարունակուելու պարագային անոնք արդէն կ՝աւարտին գարնան։

Նաեւ շեշտուած է, որ կը նախատեսուի եկեղեցին վերաբանալ Սուրբ Յարութեան տօնին՝ Զատիկի օրը։ Ըստ Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան՝ Տիարպեքիրի նահանգապետը առաջարկած է վերականգնել նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին։ Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը Տիարպեքիր այցի ծիրէն ներս ուսումնասիրած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։

Յիշեցնենք, որ 2015 թ․ վերջերը սկսած թուրք-քրտական ընդհարումներուն ժամանակ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կրած էր մեծ վնաս։ Եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն կ՝աջակցի նաեւ թրքական պետութիւնը։ Վերանորոգումը սկսած է 2019-ին։

Թարգմանութիւնը կատարեց Մելինէ Անումեան («Ակունք»)

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը