
Ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան՝ Աշխարհի Ախոյեան
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ախոյեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն։
Նորուեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 72 քկ քաշային կարգի ոսկէ մետալի համար գօտեմարտին Մալխաս Ամոյեան մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Սերգէյ Գուդուզովի հետ: Հայաստանցի ըմբիշը յաղթեց 3:1 հաշուով:
Նախապէս, ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի կազմէն աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 61 քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեան: