
Արցախի Մասին «Երբ Որ Հանդարտուի» Ֆիլմը «Օսքար» Մրցանակաբաշխութեան Պիտի Ներկայացուի
Հայկական «Երբ որ հանդարտուի» ֆիլմը պիտի ներկայացուի «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայկական ազգային կինոակադեմիան։
«Հայկական ազգային կինոակադեմիայի՝ Սեպտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած նիստին կայացած փակ քուէարկութեամբ Ամերիկեան կինոակադեմիայի «Օսքար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգով ներկայացուելու համար քուէարկութեան մասնակիցներու ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ «Երբ որ քամին հանդարտուի» (բեմադրիչ՝ Նորա Մարտիրոսեան) գեղարուեստական ֆիլմը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ ասիկա չի նշանակեր, որ ֆիլմը մտած է «Օսքար»ի վերջնական անուանակարգերուն մէջ, ամերիկեան կինոակադեմիկոսները մինչեւ յաջորդ տարուան սկիզբը պիտի ընտրեն 5 օտարալեզու ֆիլմ ամբողջ աշխարհէն: