«Սիրիայից՝ Շուշի». Նոր Երգ՝ Նուիրուած Սուրիահայ Դաշնակցական Նահատակուած Քաջերուն

Հայաստան, Սփիւռք

«Հորիզոն»

Արցախեան վերջին պատերազմի դժնդակ օրերուն հայրենիքէն հեռու՝ Սուրիա ապրող, բայց հայրենիքը միշտ իրենց սրտին մէջ պահող երեք քաջ դաշնակցականներ՝ Յարութիւն Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան ու Մոսիկ Սեքլէմեան թշնամիի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն մասին լսելով՝ շտապեցին հայրենիք՝ սուրբ հողը պաշտպանելու։

1976 թուականին ծնած Յարութիւն Բանոյեանը, հակառակ երիտասարդ տարիքին՝ հասցուցած էր ռազմական գործի մէջ թրծուիլ․ ան ռազմական գործի գիտակ էր։ Յարութիւնը, որուն ընկերները Յարութ կը կոչէին, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար եղած էր, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ աստիճանի» մետալակիր էր։

1991 թուականին ծնած Յակոբ Ասթարճեանը եւ 1992-ին ծնած Մոսիկ Սեքլէմեանը եւս Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկներ էին։

Ընկերները կենաց-մահու պայքար կը մղէին Շուշիի մէջ՝ յուսալով, որ թշնամին պիտի շպրտեն։ Եւ, իրաւ, կը շպրտէին։ Քաջերու հրամանատարը Յարութ Բանոյեանն էր։ Ռազմական փայլուն մտքի շնորհիւ թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելով՝ Յարութը, Յակոբն ու Մոսիկը Նոյեմբեր 8-9-ին Շուշիի  պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն հերոսաբար ինկան։

Այս քաջերը ինկան՝ իրենց ոգիին մէջ վառ պահելով ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք ունենալու լուսէ  երազանքը։

Քաջերը ինկան՝ Շուշիի անկումը չտեսնելով, Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութեան մասին չիմանալով․․․

Յետմահու «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած Յարութի, «Արիութեան» մետալով պարգեւատրուած Յակոբի ու Մոսիկի մասին գրուած է նոր երգ, որ կը կատարէ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան, Սուրիա ծնած, այժմ Ֆրանսա հաստատուած դաշնակցական Սագօ Պուտուզեանը։

«Հորիզոն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց՝ ոգիի կանչով զգացած է՝ այս քաջերու մասին երգ պէտք է գրուի ու անիկա պէտք է ինքը կատարէ։

«Սիրիայից՝ Շուշի» երգի խօսքերուն հեղինակները Սագօ Պուտուզեանն ու Յասմիկ Բալէեանն են, երաժշտութեան ու գործիքաւորման հեղինակը Յովիկ Ատուրեանն է, իսկ տեսահոլովակի ռեժիսորը՝ Խաչիկ Ղազարեանը։

Յարութի, Յակոբի, Մոսիկի ու միւս քաջերու անունները մեր սրտերուն մէջ են։ Անոնց պէս քաջերու սխրանքներուն շնորհիւ է, որ մենք հայրենիք ունինք։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի….

Horizon Weekly Newspaper