ՀՀ ԱԺ Անվտանգութեան Աշխատակիցները ԶԼՄ Ներկայացուցիչներուն Պարտադրած են Հեռանալ ԱԺ Նիստերու Դահլիճէն եւ Դադրեցնել Աշխատանքը, Ինչը Անընդունելի է․ ՄԻՊ
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․
«Անթոյլատրելի են այսօր Ազգային ժողովի անվտանգութիւնը ապահովող ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ ԱԺ նիստերու դահլիճի օթեակէն լուսանկարահանում եւ տեսանկարահանում իրականացնող ԶԼՄ ներկայացուցիչներու մասնագիտական աշխատանքները դադրեցնելն ու օթեակէն հեռանալ պարտադրելը:
Աւելին, շարք մը լրագրողներ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին տեղեկացուցած են, որ անվտանգութեան ծառայողները իրենց նշած են, որ լրագրողներուն պիտի արտօնեն օթեակին մէջ մասնագիտական աշխատանք կատարել, բայց նիստերու դահլիճին մէջ միջադէպերու պարագային պէտք է լքեն օթեակը եւ իրաւունք չունենան միջադէպեր (նաեւ բռնութիւն) լուսաբանելու, նաեւ` նկարահանելու:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դիրքորոշումով` լրագրողը կարելի չէ զրկել «առաջին ձեռքէ» կամ «տաք» տեղեկութիւններ ստանալու, նաեւ՝ տեղւոյն վրայ պատգամաւորներուն հարցեր ուղղելու, հարցազրոյց վարելու կամ մեկնաբանութիւն ստանալու իրաւունքէն:
Լրագրողը պէտք չէ զրկուի անձամբ ու տեղւոյն վրայ պատգամաւորէն կամ այդ տեղեկութիւնները ստանալու հնարաւորութենէն, նաեւ՝ աշխատելով, օրինակ, միջանցքներու մէջ:
Այս կանոնները ուղղակիօրէն կը բխին միջազգային իրաւաբանութենէն (օրինակ՝ Մանտլին եւ այլոք ընդդէմ Հունգարիոյ գործով (Mándli and others v. Hungary) Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2020 թուականի Հոկտեմբեր 12-ի վճիռը, գանգատ թիւ 63164/16, ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի դիրքորոշումներ եւ այլն):
Ազգային ժողովի անվտանգութեան ապահովումը ունի հիմնարար կարեւորութիւն, բայց լրագրողներու աշխատանքի սահմանափակումները պէտք չէ «թաքցուին» անվտանգութեան կանոններու ետին:
Ուստի, անընդունելի են լրագրողներու աշխատանքի սահմանափակումներու հիմքին, օրինակ, ահաբեկչական ակտերու կամ այլ ծանր յանցանքներու կանխման հիմնաւորումներ դնելը:
Պէտք է հաշուի առնել, որ խօսքը ԱԺ-ի մէջ հաւատարմագրում ունեցող լրագրողներու մասին է եւ յետոյ՝ անոնք ԱԺ մուտք գործելով արդէն կ՝ենթարկուին ստուգման ԱԺ անվտանգութիւնը ապահովող ծառայութեան կողմէ, նաեւ՝ համապատասխան սարքերով, եւ անոնց նկատմամբ լրացուցիչ սահմանափակումներու կիրառումը այն հիմքով, որ կը կատարուի անվտանգութեան համար, անընդունելի է:
Լրագրողներու աշխատանքի առանձնայատկութիւնները պէտք է բխին բացառապէս ԱԺ-ի մէջ աշխատանքներու բնականոն կազմակերպման պահանջէն, բայց անոնք պէտք չէ յանգեցնեն լրագրողներու աշխատանքի խոչընդոտներու:
ԱԺ շէնքին մէջ լրագրողներու աշխատանքներու սահմանափակումներուն առնչութեամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի մանրամասն դիրքորոշումները արդէն իսկ հրապարակուած են»:
