Արա Շիրազի 80-ամեակին Առիթով Կապուտիկեանի Տուն-թանգարանին Մէջ Ցուցահանդէս Բացուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Արա Շիրազի 80-ամեակին առիթով՝ անոր մայրական տան մէջ՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուած է անոր աշխատանքներուն ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Արուեստագէտի աշխատանքները պիտի ցուցադրուին մինչեւ Յուլիսի վերջ։ Արա Շիրազի ստեղծագործութիւններէն թանգարանին մէջ ներկայացուած է քանի մը գործ՝ Վահան Տէրեան, Մհեր Մկրտչեան, Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի մանրակերտ, ցուցադրուած են նաեւ արխիւային նիւթեր ու լուսանկարներ։

Արա Շիրազի եղբայրը՝ Վանանդ Շիրազ յայտնած է, թէ արուեստագէտի 80-ամեակին առիթով, տարուան ընթացքին, պիտի կազմակերպուին քանի մը նախաձեռնութիւններ։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

Լիանա Սարգսյան