Աշուղական Երեկոներ՝ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Մէջ

Սփիւռք

Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ) եւ «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա) մասնաճիւղերու գործակցութեամբ՝
Շաբաթ, 2 Մայիս 2021-ին, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական խումբին շքեղ ելոյթով, մեծաթիւ լաթաքիահայերու ներկայութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Խումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի, ներկայացուց աշուղական երգերու փունջ մը։

Կիրակի, 3 Մայիսին, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ) եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերը, այս անգամ Քեսապի մէջ, միասնաբար կազմակերպեցին Աշուղական ջերմ Երեկոյ մը։

Քեսապահայութեան ծափողջոյններով բեմ բարձրանալով՝ խումբը հրամցուց հայ աշուղական արուեստի գոհարներ։