Վտանգուած Են Հակառակորդին Վերահսկողութեան Տակ Անցած Առաւել Քան 2000 Յուշարձաններ
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի տեղեկութիւններով` Ազրպէյճան
կը վարէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, զայն նենգափոխելու հետեւողական եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն:
Նախարարութիւնը՝ համագործակցելով թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային կառոյցներու հետ՝ կը փորձէ քայլեր ձեռնարկել հակառակորդին վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ, սակայն, ըստ Ղարախանեանի, տակաւին չկան այն սաստող քայլերը, որոնք Ազրպէյճանին պիտի ստիպեն կանգ առնել:
27 Ապրիլին «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրներու հանգոյցին մէջ» խորագիրով համաժողովէն առաջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին, այս մասին յայտնեց նախարարը՝ դիտել տալով, որ ներկայ դրութեամբ վտանգուած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն շուրջ 2000-ի հասնող յուշարձաններուն ճակատագիրը:
«Վտանգուած է 13 վանական համալիրի, 122 եկեղեցւոյ, 52 ամրոցի, 523 խաչքարի եւ չորս մատուռի ճակատագիր: 127 դպրոցական գրադարանը 617 հազար գիրքով մնացած է բռնագրաւուած տարածքներու մէջ, 3 շրջանային գրադարան` 68 հազար 398 գիրքով»,- նշեց Ղարախանեան:
Անդրադառնալով թանգարաններուն` նախարարը տեղեկացուց, որ տասը պետական եւ երկու սեփական թանգարան մնացած է բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ` 20,000 նմոյշներով:
Նշեալ թանգարաններէն են՝ Հադրութի Արթուր Մկրտչեանի անուան թանգարանը, ուր կան 7680 ցուցանմոյշներ, որոնց կարգին Մկրտչեանի անձնական իրերը, Թեւան Ստեփանեանի անուան եւ այլ թանգարաններ: Լուսինէ Ղարախանեան յիշեցուց, որ Շուշի քաղաքի Պատմութեան թանգարանն ալ՝ 5000 ցուցանմոյշներով, անցած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ, Երկրաբանական պետական թանգարանը` 403 նմոյշներով, Կերպարուեստի պետական թանգարանը` 673 նմոյշներով, Գորգերու թանգարանը, որուն ցուցանմոյշներուն մեծ մասը կարելի եղած է տարհանել:
Ըստ Ղարախանեանի՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած է Տիգրանակերտի պատմահնագիտական ամրոց-թանգարանը, իսկ Յունոտի կիրճը դեռ չէզոք գօտիին մէջ է: Ան յայտնեց, որ Ազօխի մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած բոլոր ցուցանմոյշները տարուած են Ազրպէյճան եւ անոր ապացոյցները կան։ «Այսօր սկսած է երկրորդ Եղեռնը. Եղեռն` Եղեռնէ ետք: Մենք տարբեր ճանապարհներով` խաղաղապահներու, արտաքին գործերու նախարարութեան եւ միջազգային կառոյցներու միջոցով կը փորձենք կանխել ատիկա, բայց դեռ չկան սաստող այն յստակ քայլերը, որոնք Ազրպէյանին կը ստիպեն կանգ առնել»,- նշեց ան:
Ըստ Ղարախանեանի` Ազրպէյճան երկու ուղղութեամբ յառաջ կը տանի
իր քաղաքականութիւնը` հայկական յուշարձաններու ոչնչացում եւ զանոնք իբրեւ ալպանական մշակոյթի մաս ներկայացնելու փորձեր: «Ասիկա հարուած է մեր ինքնութեան»,- շեշտեց նախարարը:
Նշենք, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վանտալութեան, անոր պահպանութեան վրայ լուսարձակ սփռելու եւ այս հարցը միջազգային ուշադրութեան յանձնելու միտումով՝ 27 Ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ վերոյիշեալ համաժողովը, որուն մասնակցեցան պատասխանատու եւ շահագրգիռ կողմեր` զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մասնագիտական, պետական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, հոգեւորականներ, յուշարձանագէտներ ու փորձագէտներ:
