Համաշխարհային Բողոքի Լուռ Ցոյց՝ Հայ Ռազմագերիներու Վերադարձի Պահանջով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 15-ին տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային բողոքի լուռ ցոյց` պահանջելով վերադարձնել 2020 թուականի Հոկտեմբերին Արցախեան պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի մէջ պատանդ պահուած աւելի քան 300 հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիները։ Ցոյցերը տեղի պիտի ունենան Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Պեռլինի, Վարշաւայի, Ժընեւի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ… Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Երկիր-էն։

Նոյն օրը, ժամը 12:00-ին, Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ եւս տեղի պիտի ունենայ հաւաք՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձի պահանջով։

«Ազատութիւն հայ ռազմագերիներուն» խորագրով ցոյցի մանրամասներուն կրնաք ծանօթանալ այստեղ։