
Արցախը Յանձնած Իշխանական Համակարգը Հնարաւորութիւն Պիտի Չունենայ Անգամ Մը Եւս Դաւաճանելու Հայ Ժողովուրդին. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակ
31 Մարտին Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առնչութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է՝
«Հաշուած օրեր մնացած են Հայոց պատմութեան ամենաողբերգական էջին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին, Ցեղասպանութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք ծրագրուած կերպով զանգուածային տեղահանութեան ու բնաջնջման ենթարկուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութիւնը, ոչնչացուեցան հայկական քաղաքակրթութեան նիւթական վկայութիւնները:
Այսօր՝ 106 տարի անց, ցաւօք սրտի հայ ժողովուրդը հարուած կը ստանայ թիկունքէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանական համակարգէն։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը յայտարարէ, որ իր կամ հաւանաբար արդէն իրենց ամբողջ Անվտանգութեան կառոյցին տեսակէտով՝ հայ ժողովուրդը պէտք է վերանայի իր մօտեցումը Թուրքիոյ նկատմամբ եւ այդ երկրին այլեւս թշնամի չհամարէ:
Այստեղ, մեզի համար, հարց կ՝առաջանայ. արդեօ՞ք այս իշխանական համակարգը մոռացութեան տուած է Թուրքիոյ միջոցով հայ ազգին դէմ՝ իր իսկ հայրենիքին մէջ իրագործուած կոտորածները։ Արդեօ՞ք այսքան արագ մոռացութեան յանձնած է Թուրքիոյ աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին զոհուած, հաշմանդամութիւն ստացած եւ գերեվարուած մեր հերոս զաւակները: Թերեւս այո՛, եթէ միեւնոյն իշխանական համակարգի ղեկին կանգնած՝ Նիկոլ Փաշինեանը արդէն չի «յիշեր թէ երբ սկսած է այդ փակ անիւը»՝ ակնարկելով հայութեան եւ Թուրքիոյ դարաւոր խնդրին, «մոռնալով», որ Թուրքիոյ պարագային, Օսմանական, Քեմալական թէ Նոր Օսմանական, չէ եղած փակ անիւի խնդիր, այլ եղած է հայաջնջումի յստակ ծրագիր։
Կրկին հարց կու տանք։ Արդեօ՞ք այն որդեկորոյս ծնողները, որոնց համար դեռ թարմ է իրենց զաւակի կորուստին վիշտը, այն կանայք, որոնք դեռ կը սպասեն իրենց անյայտ կորսուած ամուսինը, անոնք, որոնք գիշերները կը լուսցնեն, գիտակցելով, որ իրենց հարազատը գերի ինկած է նոյն ոճրագործ Թուրքիոյ «կրտսեր եղբօր» ձեռքը, կրնա՞ն համաձայն ըլլալ իշխանութեան այս թրքահաճոյ քաղաքականութեան: Վստահաբար կը պատասխանենք ո՛չ, որովհետեւ հայրենիքի համար նման զոհողութիւններ կատարած ժողովուրդը, չի կրնար համաձայնիլ նման ազգադաւ քաղաքականութեան եւ մօտեցումներուն։
Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման միտուած եւ Արցախեան հիմնախնդրէն հրաժարելու որեւէ արտայայտութիւն կամ քայլ:
Արցախը յանձնած իշխանական համակարգը հնարաւորութիւն պիտի չունենայ մէկ անգամ եւս դաւաճանելու հայ ժողովուրդին»: